Բովանդակութիւն
«Այս Սքանչելի Ժողովուրդը»

Վարպետ Թիւ 2

Այդու Վայ

— Բարի լո՛յս, Եագուպ աղա։

— Բարի լո՛յս, Սարգիս աղա։

Եագուպ աղան չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ լեզուով պատասխանեց հօրս, սակայն սա պարզ է, որ բարեւին պատասխանեց. պատասխանեց ու վիզը երկնցուց, կզակը դուրս ցցեց, աչքերը ոլոր ու մոլոր ուղղեց հօրս վրայ՝ կարծես «հա՛, եկուր հանէ զանոնք» ըսել ուզեր։ Հայրս վայրկեան մը քննելէ ետք, Եագուպ աղայի աչքերը արեւածաղիկի մը նման դարձան վրաս։ Ես, կզակս կուրծքիս միացուցած առանց գլուխս բարձրացնելու կը դիտեմ զինք։ Նիհար սրունքներուն վրայ հաստատուած նեղ կուրծք մը ունի, միօրինակ ու տափակ, կարծես տախտակի կտոր մը ըլլար։ Բարակ, երկայն վիզը աջ ուսին է թեքուած, որուն վրայ, Ադամի խնձորը, կռուէ դուրս եկող աքաղաղի նման մանէօվը կ՚ընէ։ Վզին վրայ թէ օդին մէջ, առաջին անգամին չկրցայ լման նշմարել, կայ գանկ մը. գլուխ չհասկնաք, գանկ մը, որուն երկու կողմերէն, ականջի տեղ, թզենիի երկու տերեւներ կախուած են։ Աչքերս կը շփեմ ու կրկին կը դիտեմ գանկը, այս անգամ պարզ կը նշմարեմ, որ գանկը վզին վրայ հաստատուած է. բայց սա չեմ կրնար հասկնալ, թէ այդ բարակ, վտիտ վիզը ինչպէ՛ս կրցեր է, մօտ վաթսուն տարիներ, պտտցնել այդ ճաղատ, պատկառելի գանկը։

Եագուպ աղայի աջ կողմը կայ կարի մեքենայ մը, իսկ մեքենային ետին կախուած են կիսաւարտ ժաքէթներ։ Սենեակին ձախ կողմը… ա՜հ, Աստուած իմ, այդ ի՞նչ է… Եագուպ աղան սենեակին աջ կողմն էր. ետ կը դառնամ, Եագուպ աղան իր տեղն է, սակայն սա միւս Եագուպ աղան, ո՞վ է, որ նստած անշարժ, կը դիտէ մեզ… նոյն սրունքները, նոյն վիզը, նոյն Ադամի խնձորը եւ թզենիի տերեւները։ Յետոյ կ՚իմանամ, որ ան Պօղոս աղան է, Եագուպ աղային եղբայրը։

Հայրս ձեռքը լայն բացած, կը դնէ գլխուս վրայ ու կը խօսի.

— Եագուպ աղա, դուն հին մարդ ես ճիշդ ինծի պէս, այսինք, (գլուխս կը շարժէ ափովը) շատ ալ մեզի չեն նմանիր։ (Գլուխս կը զարնէ ափովը քանի մը անգամ, ձմերուկի մը հասունութիւնը հասկնալու ձեւով ու աչքով նշան կ՚ընէ, որ տակաւին շատ կ՚ուզէ հասուննալու համար, ես կը կարմրիմ)։ Դուն պէտք է այս գլուխը լեցնես, ականջները քովդ են, դուն ինձմէ աւելի իրաւունք ունիս այս տղուն վրայ։ Քեզ տեսնեմ, Եագուպ աղա, այս ամառ, այս տղուն դերձակութիւնը սորվեցնելու ես։

Եագուպ աղայի գանկը շրջան մը կ՚ընէ ուսերուն վրայ, կ՚ոլորուի, ինծի կ՚ուղղուին աչքերը ու ապա գանկը կը կախուի կուրծքին ու կ՚երերայ… այսինքն՝ հաւանութիւն կը յայտնէ։

Ու հիմա, ինքզինքս ճարպիկ ցոյց տալու ու հայրս ամչցնելու համար, սենեակին մէջտեղը նստած, աչքերս լայն բացած կը նայիմ մէյ մը Եագուպ աղային ու մէյ մըն ալ Պօղոս աղային, թէեւ յաճախ կը շփոթեմ զանոնք։ Ժամ մը կ՚անցնի ու տակաւին առիւծի նման նստած՝ գործի կը սպասեմ։ Երկու ժամ կ՚անցնի, ոչ մէկ հրաման չեն տար. ես ալ հօրմէս լսած եմ, որ ճարպիկ աշկերտը, ինք գործ ուզելու է վարպետէն։ Նախադասութիւն մը կը յօրինեմ, չեն հաւնիր, ուրիշ մը կը պատրաստեմ՝ շատ հասարակ կը գտնեմ. ու վերջապէս կը յաջողիմ նոր վարպետներուս արժանի նախադասութիւն մը ճարել։

— Վարպետ, վարպետ… (կը մոռնամ նախադասութիւնը) վարպետ, ես ալ… ըըը… ես ալ աշխատիմ։

Վարպետին գանկը շրջան մը կ՚ընէ, աչքերը կ՚ուղղուին վրաս ու օրհնեալ բերանը կը բացուի։

— Այդու վա՛յ։

Ի՞նչ ըսաւ, Աստուած իմ, ի՞նչ ըսաւ սա մարդը։ Նստած տեղս կը քրտնիմ, գլուխս կը սկսի տաքնալ, մատներս կը տրորեմ, ուժ կու տամ ինքզինքիս…

— Վարպետ, չհասկցայ։

— Այդու վա՛յ, այդու վա՛յ,— կը կրկնէ ջղայնացած։

Ի՞նչ լեզուով կը խօսի սա մարդը, Տէր Աստուած, սա ալ կօշկակար վարպետիս նման ազդեցութի՞ւն ձգել կ՚ուզէ, բայս այս ի՜նչ սնանկացած ձեւ է։ Քրտինքը կը սկսի հոսիլ մարմնոյս վրայէն, կարծես սարդի ոստայնով կը ծածկեն դէմքս ու մարմնոյս վրայէն մրջիւններ կ՚արշաւեն։ Ոտքի կ՚ելլեմ ու կրկին կը նստիմ տեղս։ «Այդու վայ»եր զիրար կը հալածեն աչքիս առջեւ։ Կը մօտենամ Պօղոս աղային ու հազիւ լսելի ձայնով կ՚ըսեմ.

— Պօղոս աղա՛, կ՚աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ կ՚ուզէ Եագուպ աղան։

— Այդու վա՛յ, այդու վա՛յ,— կը պոռայ Պօղոս աղան։

Կը սկսիմ քերել գլուխս, քրտինքէն մազերս կը թրջին։ «Այդու վայ»։ Սենեակին չորս կողմը կը նայիմ. երկինքէն օգնութիւն կ՚ակնկալեմ։ Ճանճ մը ներս կը մտնէ, կը դիտեմ զայն, ահա շրջան մը կ՚ընէ ու կրկին կը թառի քթիս վրայ։ «Բարի եկար, դուն էիր պակաս», կը բարկանամ, կը զարնեմ քթիս. ճանճը կը փախի ու… կը թառի քթիս վրայ։ Կատաղութենէս ինքզինքս կ՚ուտեմ։ Քրտինքը քթիս վրայէն կը կաթի վար. «Այդու վայ»։ Ձեռքս կը պատրաստեմ, որ տեղն ու տեղը փճացնեմ այդ թշուառական ճանճը։ Դանդաղօրէն կը մօտեցնեմ ձեռքս ու… շա՜փ… կը զարնեմ քթիս։ Ճանճը կը փախի, լայն շրջան մը կ՚ընէ ու կը թառի Եագուպ աղային քթին վրայ։ Եագուպ աղայի գանկը կը բարձրանայ ու ձեռքով կը քշէ ճանճը. ճանճը կրկին կը թառի վարպետին քթին վրայ։ Կրկին կը վռնտուի ու կրկին կը վերադառնայ նոյն տեղը։ Կը դիտեմ ճանճը ու կը նախանձիմ։ Ա՜խ, ի՞նչ լաւ կ՚ըլլար, որ ես ալ ճանճ մը ըլլայի, նեղէի, բարկացնէի սա Եագուպ աղան։ «Այդու վայ». ա՜խ, քիչ մնաց պիտի մոռնայի։ Ճանճը, սակայն, շրջան կ՚ընէ կրկին ու կրկին եւ կը թառի Եագուպ աղայի քթին վրայ։ «Ապրի՛ս», կ՚ըսեմ ես ինծի։ Գաղափար մը կ՚անցնի մտքէս. կը վազեմ սենեակին անկիւնը, կը վերցնեմ խաւաքարտի կտորը, կը մօտենամ Եագուպ աղային ու կը սկսիմ հովահարել։ Ճանճը կը փախչի։ Եագուպ աղան դէմքը կը բարձրացնէ, լայն կը ժպտի. ուրախ է, ուրախ։ Ես ալ ուրախ եմ, որ վերջապէս ազատեցայ «այդու վայ»էն։ Եագուպ աղան օդափոխութեան մէջ է… սակայն Պօղոս աղա՞ն։

— Հը՜շտ,— ետ կը դառնամ, Պօղոս աղան է խօսողը,— սայ յեղ տաջէյը…

Աստուած իմ, ասոնք ի՞նչ լեզուով կը խօսին. մտիկ կ՚ընեմ զինք. բայց այս լեզուն երբեք չեմ լսած։ Պօղոս աղան կը շարունակէ խօսիլ. «Լայթուն մէջը նոյժ է»։ «Մէ՞ջը» ըսաւ, լա՛ւ, ի՞նչ է, մէջը ի՞նչ կայ։ Կը դադրիմ հովահարելը, կը մօտենամ արդուկին, կը նայիմ մէջը, կը խառնեմ ածուխը, ապա կը մօտենամ ժաքէթներուն, կը խուզարկեմ գրպանները ու կը վերադառնամ Եագուպ աղային մօտ։

Քէմփը եռուզեռի մէջ է։ Խանութին առջեւէն կ՚անցնին իշապաններ, փերեզակներ, ձիւթ ծամող շատախօս կիներ, շաքար ծախողներ եւ անօթի կատուներ. բոլորն ալ ուրախ են, ուրախ ու զուարթ։ «Անուշի՛կ անուշի՛կ, ամէն մէկը մէ՜կ ղրուշիկ», ծախողը կը տնտնայ խանութին առջեւ, կը բարեւէ վարպետները ու կը հեռանայ։ Ահա «տէմիրհինտի» ծախող մը։ Պօղոս աղան կը կանչէ զայն, մէկական «տէմիրհինտի» կ՚առնեն, ես թուքս կուլ կու տամ։ «Տէմիրհինտի» ծախողը, կաւիճով երկու գիծ կը գծէ դրան վրայ ու կ՚անհետանայ։ Ա՜խ, ի՛նչ լաւ կ՚ըլլար, որ ես ալ «տէմիրհինտի» ծախող ըլլայի, պաղ տակառը կռնակս՝ պտտէի, ու Եագուպ աղայի խանութին բոլոր պատերը գիծերով ծածկէի ու ապա դրամ պահանջէի։ Ա՜խ, ի՛նչ լաւ կ՚ըլլար…

Քոթոթի մը նման, որ ամէն վայրկեան աջէն կամ ձախէն հարուած կ՚ակնկալէ, կը նստիմ աթոռի մը վրայ, ու լուռ կը սպասեմ, որ ժամերը անցնին։ Կը դիտեմ վարպետներուս գանկերը. ա՜խ, ի՛նչ լաւ կ՚ըլլար որ միշտ այդպէս անշարժ մնային։ Թող աշխատին մինչեւ իրիկուն ու թող մթննայ, թող ծածկուի խաւարով այս աշխարհը եւ երբեք, երբեք թող չլուսաւորուի կրկին։ Ա՜խ, ի՛նչ լաւ կ՚ըլլար։ Բայց պարապ փափաքներ են ասոնք, քանի որ Պօղոս աղայի գանկը կը սկսի շարժիլ, կը բարձրանայ գլուխը ու կը սկսի խօսիլ։ Ի՞նչ կ՚ըլլաք, դուք ալ միասին մտիկ ըրէք։ Ականջներս կը լարեմ, կ՚ուզեմ մտիկ ընել, արդեօք պիտի կրնա՞մ հասկնալ բառ մը, գոնէ մէկ անգամ կարենայի իրենց ըսածը ընել. ա՜խ, մէկ անգամ։ Բայց Պօղոս աղան կը շարունակէ խօսիլ ու տակաւին, ետ կը խորհիմ, թէ արդեօք պիտի կարենա՞յ հասկնալ զինք։ Պօղոս աղայի բերանը կը դիտեմ. պիտի վերջացնէ ի՞նչ. ահա վերջացուց ըսածը ու ես բառ մը չկրցայ հասկնալ։ Դէմքս ճակնդեղի նման կը կարմրի։ Շապիկս կը փակի մարմնիս ու կարծես գլխէս վար եռացած ջուր կը թափեն։ Կռնակս կը փակցնեմ պատին ու ձեռքով կը շփեմ մարմինս։ Պօղոս աղան գլուխը կը բարձրացնէ եւ կը դիտէ զիս բարկացած. կը սպասէ, որ հրամանը կատարեմ։ Բայց ի՞նչ ըսաւ։ Խղճալի երեւոյթ մը կու տամ ինքզինքիս։ Քովը կը կանչէ, կը մօտենամ իրեն, կը դիտէ վայրկեան մը զիս ու շա՜փ, ապտակ մը կը փակցնէ դէմքիս։ Ես կը վերադառնամ տեղս, դէմքս պատին կը դարձնեմ՝ արցունքս ծածկելու համար։

Երեքշաբթի երկու նախադասութիւն կը հասկնամ ու ինքզինքս երջանիկ կը զգամ։

Չորեքշաբթի, կէսօրէ առաջ, զիս կը ղրկեն սառ բերելու, իսկ ես կէս ժամուան ճամբայ կ՚երթամ, քրտինքի մէջ կորսուած, ըսելու Եագուպ աղայի տիկնոջ, տիկին Սառայի, որ խանութ գայ։

Կէսօրէ ետք, չորս ապտակ կ՚ուտեմ, մէկը տիկին Սառայէն ու ժամը չորսին կը փախչիմ գործէն։

Հինգշաբթին տասը տարուան պէս կ՚անցնի։ Այդ օրը կը փափաքիմ անպատճառ հիւանդանալ։

Ուրբաթ օր կ՚ափսոսամ որ մահմետական չեմ ծնած։

Ա՜խ, ինչ լաւ կ՚ըլլար, որ մեր սուրբ օրը Ուրբաթ ըլլար ու այդ օրը ազատ շրջէի փողոցները։

Շաբաթ օրը հրեայ ըլլալ կը փափաքիմ։ Ժամը իննին Եագուպ աղայէն ապտակ մը կ՚ուտեմ ու ժամը տասներկուքին Պօղոս աղան ապտակի իր բաժինը կու տայ ինծի։ Կէսօրին կերակուր չեմ ուտեր, որպէսզի հիւանդանամ։ Ժամը երկուքին երկու ապտակէ ետք՝ Աստուծոյ պաղատագին կ՚աղօթեմ, որ զիս անպատճառ հիւանդացնէ։ Վերջապէս արեւը մարը կը մտնէ ու ես կը պատրաստուիմ մեկնիլ։ Վաղը Կիրակի է, ո՜հ, սուրբ եւ պաշտելի օր, յաւիտեան երկարած մնաս։ Կը նայիմ չորս դիս ու քայլերս կ՚ուղղեմ դէպի դուռը։ Եագուպ աղան կը կանչէ զիս եւ ժպտելով երեք ղրուշ կու տայ ու կ՚ըսէ.

— Քէ, քաշըլայ ա։

Ի՞նչ ըսաւ, Աստուած իմ, այս վերջին վայրկեանին ինչո՞ւ խօսեցաւ։ Կ՚առնեմ երեք ղրուշը ու դուրս կ՚ելլեմ խանութէն։ Ի՞նչ ուզեց, ի՞նչ կարելի է գնել երեք ղրուշով։ Կ՚երթամ մօտակայ խանութ մը ու երեք ղրուշի ածուխ կը գնեմ ու կը վերադառնամ իրենց քով։ Երկու վարպետներս ու իրենց բարեկամը, որ այդ վայրկեանին հոն էր, զարմացած կը դիտեն զիս։ Եագուպ աղան կրկին երեք ղրուշ կու տայ ու հատ հատ կը կրկնէ.

— Քէ, խա-շը-լաաա՜յ, ա՛։

Ի՞նչ ա։ Որոշ է, որ բան մը կ՚ուզէ այդ երեք դահեկանով, սակայն ի՞նչ բան։ Կ՚երթամ կրկին խանութպանին քով ու ակռաներուս մէջէն կմկմալով, երեք ղրուշի «խաշը-լայ» կ՚ուզեմ։ Խանութպանը երեք ղրուշի սխտոր կու տայ ինծի։ Զարմացած զինք կը դիտեմ։ Ի՞նչ կարծեց արդեօք, ի՞նչ լեզուով կը խօսիմ, խորհեցաւ։ Չորս սխտորներու կոթերէն բռնած կը բերեմ ու կը դնեմ Եագուպ աղայի մեքենային վրայ։ Բոլորը մէկ կը խնդան, բա՛րձր, շա՜տ բարձր. ես վախցած ետ կ՚առնեմ սխտորները ու ապշած կը դիտեմ զիրենք։ Վարպետներուս բարեկամը, հազիւ խնդուքը զսպելով կ՚ըսէ.

Այդ երեք ղրուշը քեզի կու տան, որ ուզածիդ պէս խարճես. ատ քու շաբաթականդ է, խարշըլըխ է, խաա՜արշըլըխ…

Չորս սխտորներու կոթերէն բռնած՝ դուրս կ՚ելլեմ ու արագ քայլերով կը հեռանամ խանութէն, հալածուած իրենց բարձրաղաղակ քահքահներէն։

Կիրակի կ՚արթննամ կանուխ՝ ժամը հինգին։ Այնպէս կը զգամ, որ վայրկեան մը ետք, ժամը ինն է. ու ահա կէսօրուան կերակուրի ժամանակն է։ Չեմ կրնար ճաշել. այնքա՜ն տխուր եմ։ Սիրտս զօրաւոր ու արագ կը բաբախէ։

Ժամը մէկ… երկու… երեք…

Բայց այս ի՞նչ տեսակ Կիրակի է։

Հինգ… վեց… եօթը…

Է՜հ, է՜հ, վայրկեանի պէս մի անցնիք։ Ահա արեւը կ՚իջնէ, կ՚իջնէ ու իմ սիրտս կը հալի ու կը մաշի։ Կը խորհիմ, արդեօք մարդիկ սխալմամբ Երկուշաբթին Կիրակի չե՞ն կարծեր։ Բայց չար են անոնք. կ՚ուզեն աւելի Կիրակին երկուշաբթի կարծել, քան թէ երկուշաբթին՝ Կիրակի։ «Այդու վա՛յ», «քէ խաշըլայ ա՛», «քէ խաշըլայ ա», «այդու վա՛յ»։

Ընթրիքի կը նստինք։ Պատառ մը բան կը դնեմ բերանս. կը ծամեմ, կը ծամեմ հարիւր անգամ, սակայն չեմ կրնար կուլ տալ։ Պատառը կը խոշորնայ, կը խոշորնայ, կը խոշորնա՜յ ու ահա պիտի խեղդուիմ։ Կը խորհիմ, թէ լիտր մը հաց կայ բերնիս մէջ ու դատապարտուած եմ այդպէս մնալու մինչեւ որ կատարեմ վարպետներուս հրամանը։ Ա՜խ, կերակուր ուտելը որչա՜փ դժուար բան է։ Հրաշք մը, ա՜խ, հրաշք մը չի կրնա՞ր պատահիլ, երկրաշարժ, հրդեհ, համաճարակ, պատերազմ, վերջապէս բան մը, որ տակնուվրայ ընէր վարպետներուս խանութը։ Պատառը բերնիս մէջ աւելի կը խոշորնայ ու քրտինքը կ՚ողողէ մարմինս։

Ահա ոտքերու ձայն կը լսենք. ինքն է, հայրս է. ահա ներս կը մտնէ. բարկացած է, Ֆէսը մինչեւ յօնքերն է իջեցուցած, փրփրած է ու «բահ, բո՛ւֆ» ընելով ինծի կը մօտենայ. կը պատրաստուիմ կից մը ընդունելու, կը մօտենայ, կը մօտենայ ու կը պայթի.

Խեղկատա՛կ, թշուառականնե՛ր… հոս նայէ ծօ՛, անգամ մըն ալ այդ զզուելի վարպետներուդ քով պէտք չէ երթաս. պէտք չկայ, տունը կեցի՛ր։ Չեն ալ խպնիր, բա՜հ, հազիւ ոտքս ներս դրի տուներնին… «տղաս յիմար է եղեր բոլորովին չխենթացած յիմարանոց պէտք է տանիմ եղեր». անամօ՛թ խռֆածներ, յիմարը դո՛ւք էք, դո՜ւք։ Հոս նայէ՛, այդ Եագուպ աղադ, Պօղոս աղադ, քեզի պէս յիմարին արհեստ չեն կրնար սորվեցնել եղեր… բա՜հ… պէտք չկայ. անոնց սորվեցնելիքը ես քեզի…

Չեմ ձգեր, որ աւարտէ խօսքը, բերնիս պատառը կուլ տալս, սեղանէն ելլելս, անձեռոցս մէկ կողմ շպրտելս ու վզին փաթթուիլս մէկ կ՚ըլլայ։ Կը սեղմեմ զինքը բոլոր ուժովս ու պինդ-պինդ կը համբուրեմ։

Բովանդակութիւն
Ֆիլիբ Զաքարեան