«Աւելի դիւրին է խարտեաշ մազերով խափշիկ մը գտնել, քան թէ շնորհքով լուսանկարիչ», կրկնելով շարունակ ու ականջէս բռնած՝ հայրս, զիս արհեստի — մանաւանդ լուսանկարչութեան — անյարմար դատելով՝ կը վճռէ վաճառականի մօտ դնել ու կը բերէ պագղալ Փանոսի խանութը։ Խանութին մէջ, ականջս կը յանձնէ Փանոս աղային ու կը հեռանայ գոհունակ սրտով՝ կարծես շատ մեծ գործ մը կատարած ըլլար։
Պագղալ Փանոս հաւանաբար ասանկ առիթի մը կը սպասէր։ Կը բռնէ ականջս ու ամբողջ ուժովը կը քաշէ։
— Ինծի նայէ՛, ինծի՛,— կ՚ըսէ,— հոս խելքդ գլուխդ հաւաքելու ես, եթէ ոչ՝ կը փրցնեմ այս ականջդ։ Երկու բան պէտք է լաւ սորվիս։ Առաջին ՝ չըլլա՜յ, չըլլայ որ գողութիւն ընես. ատ մեռած օրդ կ՚ըլլայ։ Պէտք չէ դրամի սեղանին մօտենաս։ Երկրորդ՝ յաճախորդներուն «չկա՛յ» ըսել արգիլուած է. հասկցա՞ր։ Օրինակ, եթէ ածուխ կ՚ուզեն՝ եւ ածուխ չունինք խանութին մէջ՝ պէտք է ըսես. «Սքանչելի խաղող ունինք» կամ, «չոր թուզ ունինք», կամ, սանկ ախորժաբեր բանի մը անունը պէտք է տաս։ Յաճախորդը եթէ պարապ ձեռքով մեկնի՝ յանցաւոր ես։ Եթէ բոլոր հրամաններուս հնազանդիս՝ շաբաթական տասը ղրուշ կու տամ քեզի, տա՜սը ղրուշ։
Գործս շատ շուտ կը սորվիմ։ Առտու կանուխ, առաջին գործս կ՚ըլլայ թակարդներուն նայիլ։ Եթէ մուկեր կամ առնէտներ ինկած են ծուղակը, պէտք է թակարդները տանիմ ու խանութին կից զետեղուած, ջուրով լեցուն տակառին մէջ խոթեմ ու ձեռքս պահեմ ջուրին տակ մինչեւ որ սատկին անպիտանները։ Օրը քանի մը անգամ պէտք է քննեմ թակարդները. «թշուառականները խանութին մէջ բան չեն ձգեր՝ կ՚ուտեն»։ Յետոյ այդ տակառին ջուրէն պէտք է բերեմ խանութ, սրսկեմ գետինը եւ աւլեմ՝ առանց փոշի հանելու։ Զգոյշ պէտք է ըլլայ, որ դրամ պարունակող արկղին չմօտենամ, արգիլուած է։ Այդ նախնական գործերը վերջացնելէ ետք՝ պէտք է կաղամբները, սմբուկները, լոլիկները տախտակէ տարապային վրայ ճաշակով շարեմ, ու ժամանակ առ ժամանակ, զիլ ձայնով, անոնց գովքը պոռամ։ « Ցած կը պոռաս, շատ ցա՜ծ, այնպէս պոռա՛, որ քէմփի բոլոր տուներուն հասնի ձայնդ»։ Պէտք է երբեմն երբեմն խանութ մտնեմ, ճանճերն ու մեղուները քշեմ շաքարի պարկին վրայէն. «կատակ չէ՛, օրական մէկ նիւկի շաքար կը թռցնեն աւազակները»։ Յաճախորդներուն ծանր կողովները պէտք է տուներնին հասցնեմ։ «Ո՞ւր մնացիր ծօ՛, երկու ժամէ ի վեր մէջտեղ չկաս. գնդի՞կ խաղացիր, հայտէ՛ սա պարկերը տեղաւորէ նայիմ»։ Կը տեղաւորեմ պարկերը ու յոգնած՝ կը նստիմ ցած տախտակէ աթոռակին վրայ։ «Ի՞նչ է, յոգնեցա՞ր, իմ տեղս ըլլայիր ի՛նչպէս պիտի դիմանայիր. ելի՛ր, նոր եկած ապրանքներուն անունները պոռա՛. զօրաւոր պոռա՛. յաճախորդները Տաքէս աղային խանութը սկսան երթալ։ Ձեռքդ երկու ողկոյզ խաղող բռնած պոռա՛»։ Կէսօրները վարպետիս կերակուր կը բերեմ տունէն, իսկ երեկոներն ալ, երկու քարիւղի թիթեղ առած՝ ջուրը կրեմ թէ՛ խանութ եւ թէ ալ վարպետիս տունը։
Հայրս գոհ ձգելու համար կը հնազանդիմ նոր վարպետիս բոլոր հրամաններուն, սակայն չեմ կրնար դիտել ո՛չ գլուխը եւ ոչ ալ շարժումները՝ առանց խնդալու։ «Ի՞նչ է, ծօ՛, խենթ ես, ի՞նչ ես, դուն քեզի կը խնդաս», կը զայրանար վարպետս։
Հրամմեցէ՛ք, ասպարէզը բաց է… ես գրաւի կու գամ բոլոր փափաքողներուն հետ, որ եթէ վարպետիս, գիշերը քնացած ատենը, մէկը զգուշութեամբ գլուխը կտրէ ու անոր տեղը, նոյն ծաւալն ու ծանրութիւնը ունեցող դդում մը տեղաւորէ՝ յաջորդ օր, վարպետս գործի երթալուն ոչ մէկ նորութիւն պիտի չզգայ վրան եւ անցորդները «բարի լոյս, Փանոս աղա» ըսած ատեննին՝ պիտի նշմարեն դդումը։
Սեւ ապակի ունեցող ակնոցին վրայ մօտէն դիտա՞ծ էք դէմքերնիդ, այնչափ տգեղ էր հինգերորդ վարպետս։ Իսկ անճոռնի մարմի՜նը… մարդ անոր զոյգը գտնելու համար, աշխարհի շրջանը պէտք է ընէ ու յուսահատ խոստովանի, թէ Փանոս աղան կայ ու կը մնայ եզական պագղալ մը բոլոր պագղալներուն մէջ։ Վարպետիս շալվարը, եթէ գետին փռելու ըլլաս՝ ամբողջ խանութին պարունակութիւնը դիւրաւ կարելի է մէջը տեղաւորել, հանգստաւէտ տեղ ձգելով ինծի ալ։ Ժաքէթ չունի եւ երբեք չէ հագած, «ի՞նչ պէտք է ընել ժաքէթը այս տաք օդին», կ՚արդարացնէ ինքզինք, բայց զինք ճանչցողները կ՚ըսեն, թէ ժաքէթին գինը վճարած ատեն կրնայ կաթուածահար ըլլալ։ Անկողնի երեսէ, գծաւոր շապիկ մը ունի հագած, որ կը փայլի ճաղատ գլխուն չափ ու եթէ օր մը, իւղ ծախած ատեն, երկու հարիւր կրամ պակսի՝ վստահ եղէք, որ դանակի մը օգնութեամբ այդ պակասը կրնայ ճարել փայլուն շապիկէն։ Իր հողաթափները, կօշիկ երբեք չէ հագած, այնքան ծանրացած են քէմփէն բերած ցեխին պատճառաւ, որ կրնայ, հակառակ պարագային, իբրեւ լիտր գործածել իւրաքանչիւրը։
Պագղալ Փանոս շատակեր է, շատախօս ու շահամոլ, եւ բոլոր մեղքերուս վրայ՝ ձայնաւոր է։ Ժողովարանին մէջ ամենազօրաւորը ինք կը պոռայ ու ամենաերկարը ինք կը խօսի։ Կոկորդը պողպատեայ է։ Կ՚երգէ ժամերով՝ առանց երգին վերջակէտին հասնելու, կը խօսի ժամերով՝ առանց ըսելիքը ըսած ըլլալու եւ կ՚ուտէ ժամերով՝ առանց կշտանալու։ Ինք կը պատմէ, թէ նոր տարուան գիշեր մը երգած է իրիկուան ժամը եօթէն մինչեւ առաւօտեան ժամը մէկը, եւ ժամը մէկէն մինչեւ հինգ կերած է այնթապցիի քսան միջուկով քէօֆթէ. խմած է վեց պնակ թարխանա. կերած է եօթը հաց, տասնըութ նարինջ ու դուրս տուած է մօտաւորապէս քառասուն հազար բառ ու այդ բառերը պատճառ եղած են, որ շուտով մարսէ կերածները ու անկողին մտնէ անօթի. խե՜ղճ վարպետ։ Կը պատմէ թէ ինք կրնայ, բարեկեցիկ ընտանիք մը, կարճ ժամանակուան մէջ մոխիրի վրայ նստեցնել՝ օրական երկու անգամ անոնց մօտ ճաշելով։ Ու այնպէս լիաթոք խնդալով կը պատմէ այս բոլորը, որ մարդ կը վախնայ թէ իւրաքանչիւր վայրկեան դդումը կրնայ պայթիլ։
Հինգերորդ վարպետիս խանութը կատարեալ ցուցահանդէս մըն է… հոն կարելի է գտնել ե՛ւ իշու պայտ, ե՛ւ լոլիկ, ե՛ւ շրթունքի ներկ։
Պագղալ Փանոս ամենագէտ է, ճշմարտասէր ու անսխալական։ Այս առաքելութիւնները իրեն է շնորհած ՝ նոյնինքն… ինքը։ Աւելի կարելիութիւն կայ դժոխքի բոլոր բնակիչները դրախտ փոխադրել. քան համոզել զինք, որ այսինչ բանին մէջ կրնայ սխալիլ։ Ո՛չ, ինք անսխալական է ու անբիծ։
Պագղալ Փանոս ունի եղեր խանութ մը, երկյարկանի տուն մը, կին մը, մանչ մը եւ աղջիկ մը։ Աղջիկը կանուխ ամուսնացած է, որպէսզի կարենայ տան մէկ յարկը վարձու տալ։ Ափսո՜ս սակայն, չար բախտը չար է միշտ ու կու գայ կը գտնէ բարիները. եւ ահա, Փանոս աղան ճաղատ դդումը կը քերէ ու ծրագիրներ կը յօրինէ՝ խանութին մէջ նստած։ Աղջիկէն նամակ է ստացեր, աղջիկը կը վերադառնայ, աղջիկը տան պէտք ունի։ Խեղճ դդումին հանգիստը կը խռովի, ախորժակը կը գոցուի։ Վարձու տուած յարկը պէտք է պարպել։ Այո՛, բայց ինչպէ՞ս… օրերը կը մթննան։
Առաջին անձը, որ Փանոս աղայի այս անել վիճակը կը նշմարէ՝ պագղալ Տաքէսն է։
— Ի՞նչ է Փանոս աղա, այդ ի՜նչ գլուխդ կախած կը մտմտաս։ Հազարին կէսը հինգ հարիւր է,— կ՚աշխատի դդումը մխիթարել պագղալ Տաքէս։
«Ա՜խ» մը կը քաշէ Փանոս աղան ու կը շարունակէ դդումը քերել։ Չորս օր անդադար կը քերէ դդումը։ Հինգերորդ օրը, արեւէն առաջ, դուրս կը ցատկէ անկողնէն։ Ախորժակը բացուած է, կը խմէ տասը գաւաթ թէյ ու կը շտապէ խանութ։ Ես դրան առջեւ զինք կը սպասեմ։ Ինծի «բարի լոյս» կ՚ըսէ ու կը ժպտի։ Դդումը լուսազարդուած է։ Փանոս աղան, անհամբեր կը սպասէ, որ Տաքէս աղան անցնի խանութին առջեւէն։ Քիչ ետք կու գայ Տաքէս աղայի փորը, որուն կը հետեւին, քիչ մը երկիւղածութեամբ, մարմնոյն մնացեալ մասերը։
— Բարի լո՛յս, Տաքէս աղա, նե՛րս հրամմէ, քեզի կարեւոր ըսելիք մը ունիմ։
Աթոռ մը կու տամ Տաքէս աղային ու ես ալ կը տեղաւորուիմ պարապ պարկերու դէզին վրայ։
— Է՛հ, Տաքէս աղա,— կը սկսի Փանոս աղան,— մարդ մարդու պէտք կ՚ունենայ. ահա՛ իմ գործս ալ քեզի ինկաւ։ Կաս, չկաս, դուն կաս, քեզ տեսնեմ, զիս այս վիճակէն ազատէ։ Գիտե՞ս, աղջիկս պիտի գայ մօտ օրէն։
— Չէ՞։
— Այո՛, պիտի գայ, խորհեցայ, որ վարձուորներս հանեմ տունէն։ Ըսի իրենց, կը մերժեն պարպել տունը. մեծ կռիւ եղաւ, իրարու հետ չենք խօսիր հիմա։ Գիշերը խորհեցայ, սա համոզման եկայ, որ իրենք ալ խեղճ են. փոխանակ զիրենք բռնի դուրս նետելու՝ չորս ոսկի տամ իրենց, որպէսզի իրենց համար տեղ մը կարգադրեն։ Ի՞նչ կ՚ըսես դուն ասոր, Տաքէս աղա։
— Իմաստուն մտածում։
— Է՛հ, ես քեզ ընտրեցի, որ այս գործը գլուխ հանես։ Ահա քեզի չորս ոսկի։ Տունէն ելլելէն ետքը անոնց կու տաս, տունէն ելլելէն ետքը հա՛։ Կը խնդրեմ, մի՛ մերժեր։
Տաքէս աղան «գլխուս վրայ» կ՚ըսէ, կ՚առնէ չորս ոսկին ու կը շտապէ խանութը բանալ։ Ես ապշած կը դիտեմ վարպետս. իրա՞ւ չորս ոսկի տուաւ, ինչպէ՞ս տուաւ… հրա՜շք։
— Ի՛նչ ապուշի պէս երեսս կը դիտես,— կը բարկանայ վարպետս,— հայտէ՛, թակարդները հաւաքէ։
Երկու օր ետք, վարձուորները կը պարպեն տունը։ Այդ օր, պագղալ Տաքէս, փառաշուք քալուածքով կը հետեւի դուրս ցցուած փորին։ Վարպետս նստած խանութին մէջ՝ անհամբեր կը սպասէ Տաքէս աղան։ Տաքէս աղայի փորը նշմարելով՝ պագղալ Փանոս, կը ցատկէ ոտքի, վստահ որ մարմնոյն միւս մասերն ալ կը հետեւին փորին։ Տաքէս աղան չի սպասեր որ ներս հրամցուի, այլ, ուղղակի կը մտնէ ներս եւ յաղթականօրէն կ՚ըսէ.
— Աչքդ լո՛յս, Փանոս աղա։
— Լոյսը տանդ վրայ իջնէ, Տաքէս աղա, հանեցի՞ր վարձուորները։
— Այդ ալ խօ՞սք է, ես ըլլամ ու չհանեմ…
— Ապրի՛ս, հազար ապրիս, շատ շնորհակալ եմ… է՜հ, օր մը քու գործդ ալ ինծի կ՚իյնայ, մարդ մարդով կ՚ապրի… այս բարիքդ չեմ մոռնար… տո՛ւր նայիմ չորս ոսկիս։
— Ի՞նչ չորս ոսկի,— կը շուարի Տաքէս աղան։
— Քեզի չորս ոսկի չտուի՞։
— Է՞հ։
— Է՛հ, ետ տուր այլեւս։
Պագղալ Տաքէս ապշած կը դիտէ վարպետս ու երբեմն ալ զիս։ Ես գլուխս անդին կը դարձնեմ… ինծի ինչ, է՞շս է սատկեր։
— Բայց դուն այդ ոսկիները վարձուորներուն տուր, չըսի՞ր…
— Ի՞նչ, անմիջապէս անո՞նց տուիր։
— Ի՞նչ ըրի հապա։ Ե՞րբ պիտի տայի։
— Վա՜յ, դո՞ւն ալ խենթացար, Տաքէս աղա, այս օրերուն ո՞վ որու դրամ կու տայ, եւ ան ալ՝ չո՜րս ոսկի, ես այդ դրամը տուի որ խաբես զիրենք, ցոյց տաս անոնց, որպէսզի պարպեն տունը։ Տունէն ելլելէն ետք՝ ո՞ր յիմարը անոնց դրամ կու տայ։ Տէ՛, կատակ մի՛ ըներ, տո՛ւր դրամս։
— Է՛հ,— կը բարկանայ Տաքէս աղան,— հո՛ս նայէ, ինծի հե՞տ կը խաղաս, չե՞ս ամչնար, դուն խօսքիդ տէրը չե՞ս։
— Ես ոսկիներուս տէրն եմ, խօսքը ո՞րն է եղեր։
— Ամօ՛թ քեզի, ժողովարանին մէջ ալ կ՚ելլես՝ կ՚երգես։ Ծօ՛, սեւ ջուրի փրփուրն իսկ ճերմակ կ՚ըլլայ, իսկ քու ամէն ինչդ սեւ է։
— Սե՜ւ, մե՜ւ, դուն իմ դրամս պիտի տա՞ս թէ չէ,— կը պոռայ Փանոս աղան ու կը բռնէ պագղալ Տաքէսի ժաքէթը։
Պագղալ Տաքէս կը ցնցուի եւ կ՚աշխատի բռնել պագղալ Փանոսի ժաքէթը… բայց ժաքէթը որտեղէ՞ն… ժաքէթը չգտնելով՝ կը բռնէ ու կը սկսին պոռալով զիրար քաշքշել։
«Կռի՜ւ կայ, կռի՜ւ»։ Կը հասնին դրացի խանութպանները, մսավաճառները, փերեզակները, հնակարկատները, հացագործները, թիթեղագործները, անգործները, բեռնակիրները, դերձակները, կօշկակարներն ու սափրիչները՝ օգնութեան կանչելով իրենց կոկորդները։ «Ի՞նչ է պատահեր», «չէ՜», «ամօթ է, ամօ՞թ», «ո՞վ կ՚ըսէ, որ ճիշդ է», «Փանոս աղան անանկ բան չ՚ըներ»։ «Դուն մինչեւ մարդիկը ճանչնա՜ս», «Տաքէս աղա, երեխայ մի՛ ըլլար», «ձգեցէք թող կռուին», «ոստիկան կը բերեմ, դրամս կ՚առնեմ», «Փանոս աղա՛, վազ անցիր», «ես չորս հատ ոսկիս գիտեմ», «ձգեցէք սատկեցնեմ սա սատկելիքը» «սատկելիքը դուն ես, կերած ոսկիներդ տուր», «տարիքնիդ առած մարդ էք, ամօթ է», «հարցուցէք աշկերտիս, ան ալ հոս էր», «ձգեցէք, Տաքէս աղան ալ թող խօսի», «մի ընէք, ամօթ է», «ո՛չ, ո՛չ աշկերտը հոս բերէք», «ճանըմ, ձգեցէք աշկերտը, աշկերտէն ի՞նչ կ՚ուզէք», «եղբա՛յր, որո՞ւն է աշկերտը, իմս չէ՞, դեռ ի՛նչ, բերէ՛ք հոս՝ թող խօսի»։
Յանկարծ սիրտս պայթելու աստիճան զօրաւոր կը սկսի զարնել։ Ի՞նչ պիտի ըսեմ ես։ Պագղալ Տաքէսը ազգականս է, իսկ պագղալ Փանոսը՝ վարպետս։ Ամէն մարդ չորս կողմ կը նայի։ Զիս կը փնտռեն։ Արագ մը կը մօտենամ մարդոց, կը սեղմուիմ անոնց շարքերուն մէջ, ամբողջ ուժս կը գործածեմ ու տասը վայրկեան ետք՝ խանութէն երկու հարիւր մեթր անդին կը զարնուիմ արդէն։
⁂Այդ օր, մինչեւ իրիկուն, խանութ չեմ երթար։ Կը շրջիմ շուկային մէջ ու մտիկ կ՚ընեմ։ Ամէն մարդ պագղալ Փանոսի եւ պագղալ Տաքէսի մասին կը խօսի։ «Իրաւունքը պագղալ Տաքէսին է», «ո՛չ, Փանոս աղան ճշմարտասէր մարդ է», «ժողովարանին մէջ երգելո՞ւն կը նայիս»։ Կը յառաջանամ շուկային մէջէն ու մտիկ կ՚ընեմ խօսակցութիւնները։ «Պագղալ Փանոսին կը վայելէ՞ր օգղան քաշել ու Տաքէս աղային վրայ քալել», «ան ալ մարդուն միակ շալվարը վերէն վար պատռեր է, ճանըմ», «տուշէ՛շ, կը տեսնա՜ս, հաւնած մարդիկդ ի՛նչ են ըրեր», «տէ՛, խաղիդ նայէ»։ Կը շարունակեմ ճամբաս, միշտ մտիկ ընելով։ «Քա՛, խոփ-խոշոր մարդիկ իրարու են փաթթուեր խանութին մէջ», «աղջի՛, այդ Փանոս աղան մեր գիտցած մարդը չէ եղեր», «խէ՛, խէ՛, խէ՛, ճահիլ ես դեռ, ճահիլ, վա՜յ, Փանոս աղա, վա՜յ», «ամօթ բան էր Փանոս աղային ըրածը, վարձուորները կ՚ըսեն, թէ ընդունած են չորս ոսկին»։ Արդէն հասած եմ քէմփին ծայրը, ուրկէ անդին կը սկսին խաղավայրերը։ Ճամբուն վերջաւորութեան կը տեսնեմ Գառնիկը, իմ դասընկերներէս, կայնած խումբ մը ինծի անծանօթ տղոց հետ, տաք-տաք կը խօսի։ Կը մօտենամ իրենց ու մտիկ կ՚ընեմ։ Բոլորն ալ կը պաշտպանեն Փանոս աղան ու կը պախարակեն պագղալ Տաքէսը։ «Պագղալ Տաքէսը աղտոտ մարդ է, կեղտոտ է, անպատիւ, խաբեբայ, այս մարդէն գնում ընելու չէ։ Ծախած ապրանքներն ալ հոտած են։ Բո՛ւհ, անամօթ»։ «Փանոս աղան իրաւունք ունի, մարդը անշուշտ դրամը կ՚ուզէ. դուն ըլլաս՝ չե՞ս ուզեր։ Անշուշտ կ՚ուզեմ»։ Բոլորն ալ իրենց խօսքը կ՚ուղղեն մէջտեղնին կայնած խափշիկի մը։ Զարմանալի, այս խափշիկը ո՞ւր է սորվեր հայերէնը։ Խափշիկն է խօսողը, մտիկ ըրէք։
— Այդ անպիտան պագղալ Տաքէսը շա՜տ ասանկ պատուաւոր մարդոց դրամներն է կերեր. խաբեբայ, գողին մէկն է։ Գողցած դրամներովն է այդ փորը շիներ։ Խայտառակ, թշուառական, վատահամբաւ պագղալ Տաքէսը օր մըն ալ…
Բայց ի՛նչ իրաւունքով անմեղ մարդ մը այս աստիճան կը զրպարտեն։
— Է՜հ,— կ՚ընդհատեմ խափշիկին ճառը,— հոս նայէ՛, դուն բոլորովին կը սխալիս. խայտառակ, թշուառական, վատահամբաւը՝ պագղալ Փանոսն է, հասկցա՞ր։
— Ի՞նչ։
— Այո՛, խայտառակը այդ դդումն է։
— Դդումը ո՞վ է,— կը հարցնէ խափշիկը։
— Դդո՞ւմը, դդումը այդ Փանոս ըսուածն է, եւ այն ալ վկայեալ դդում, խոշոր դդում, հոտած դդ….
— Խայտառակ, խաբեբայ, վկայեալ, հոտած դդումը դո՛ւն ես, դո՛ւն, խեղկատա՛կ,— կը պոռայ խափշիկը ու աչքերը փայլատակելով կը յարձակի վրաս։
— Քեզի ի՛նչ կ՚ըլլայ, խափշիկի ձագ,— կը պոռամ ու կը փաթթուիմ խափշիկին։
Կը բռնենք զիրար կատաղօրէն ու կը քաշքշենք իրարու հագուստները։ «Անպիտա՛ն, դուն ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ», կը պոռամ ու կը զարնեմ քթին, բերնին։ «Դդո՜ւմ, հա՞, դդումը քեզի ցոյց կու տամ», կը պոռայ ու այնպէս զօրաւոր շապիկս կը քաշէ, որ ամբողջ կուրծքս կը բացուի։ Կը կատղիմ, կը բռնեեմ խափշիկին երկու ուսերէն ու այնպէս ուժգին գլխովս հարուած մը կու տամ դէմքին, որ տղան, դէմքը ձեռքովը ծածկած, ետ-ետ կ՚երթայ ու կ՚իյնայ կռնակին վրայ։ Արիւնը կը հոսի խափշիկին քթէն, սակայն կրկին ոտքի կ՚ելլէ, կը փաթթուի ինծի ու կը շարունակէ հարուածել։ Տղաքը կը միջամտեն, մարդիկ կը հասնին, կիները կը խռնուին։ Բոլորն ալ կ՚աշխատին մեզ զատել։
— Ի՞նչ կայ, ի՞նչ է, խենթեցե՞ր էք, ինչո՞ւ կը կռուիք, չէ՞ք ամչնար։
— Անպիտանը,— կը պոռամ հեւալով,— ինծի խաբեբայ, խայտառակ ըսաւ։
— Ինք,— կը խօսի խափշիկը լալով,— իմ հօրս համար վկայեալ, հոտած դդում ըսաւ։
Վա՜յ, աչքերս լայն կը բանամ ու կը դիտեմ վարպետիս տղան. բայց վարպետս ուրկէ՞ գտեր է այս խափշիկը։ Կը վերցնեմ թաշկինակս գետնէն ու ամբողջ ուժս գործածելով կը փախիմ դէպի խաղավայրերը։ Ետեւէս կը լսեմ տակաւին պագղալ Փանոսի տղուն ձայնը, «Հօրս վկայեալ դդում ըսաւ, առնելիքը թող ըլլայ»։ Կը կորսնցնեմ հետքս, ու վիրաւոր, անօթի կատուի մը պէս՝ կը կծկտիմ անկիւն մը մինչեւ որ մութը կոխէ։
Վախ, սարսափ, դող սրտիս մէջ երեկոյեան կը մտնեմ տունէն ներս։ Հայրս նստած է տիվանին վրայ ու լուռ կը ծխէ։ Առանց բարեւելու, կը քաշուիմ անկիւն մը ու կը նստիմ գետին, բազմոցի մը վրայ։ Սիրտս այնպէս կը տրոփէ, որ կը խորհիմ, թէ հայրս կրնայ մտիկ ընել։ Քրտինքը կը հոսի ճակտէս վար ու մարմինս կը խաշի։ Հայրս դանդաղօրէն կը բարձրանայ նստած տեղէն, կը մօտենայ ինծի։ Չի խօսիր. կը զգամ, որ զիս կը դիտէ։ Գլուխս կը բարձրացնեմ։ Հօրս արտայայտութիւնը խիստ է. կը նայի աչքերուս մէջ ու լուռ կը մնայ։ Կ՚ուզեմ, որ խօսի, ծեծէ, բայց այդ նայուածքը ուրիշ կողմ դարձնէ։ Հարցական արտայայտութեամբ կը դիտեմ հայրս։ Կը փոքրանայ մարմինս, աւելի կը կծկուիմ բազմոցին վրայ։ Հօրս շնչառութեան ձայնը կը սկսիմ լսել. յայտնի է, որ պիտի խօսի։
— Ապրի՛ս, ապրիս,— կ՚ըսէ քմծիծաղով,— վերջապէս այս ամառ փաստեցիր հինգ վարպետ փոխելովդ, որ…
Հայրս կը լռէ, կը ծխէ անձայն ու խոր կը դիտէ զիս։ Ի՞նչ պիտի ըսէ, հոգիս բերանս է եկած, իսկ հայրս լուռ է տակաւին։ Կը ժողվեմ ամբողջ ուժս ու համարձակութիւնը կ՚ունենամ հարցնելու։
— Որ… ի՞նչ, հայրիկ։
— Փաստեցիր, որ դուն ես իսկական վկայեալ դդումը։ Պէտք չկայ, գործի մի՛ երթար այլեւս. դպրոցի պատրաստուէ։
Կիցի մեղմ հարուած մը կու տայ կողիս ու դուրս կ՚ելլէ սենեակէն։
— Դիւրին ազատեցայ,— կ՚ըսեմ ես ինծի ու ժպիտը կը վերադառնայ դէմքիս։