Բովանդակութիւն
«Այս Սքանչելի Ժողովուրդը»

Մեկենասը

Երբ վարչականները կրկին անելի առջեւ գտնուեցան, ատենապետը դարձաւ ինծի ու ըսաւ.

— Ճար չկայ, պէտք է խօսիս բարեկամիդ ու յայտնես, թէ մեկենասի մը պէտք ունինք այս գիրքը հրատարակելու համար։ Կրկին մերժելու պարագային՝ ստիպուած պիտի ըլլանք հրաժարիլ այս աշխատանքէն։ Ի՞նչ կ՚ըսես։

Ի՞նչ կրնայի ըսել. քանի որ ճար չկար՝ խոստացայ տեսնել բարեկամս։

Եթէ «հարուստ» բառը կը նշանակէ «շատ դրամ ունեցող», ուրեմն իմ բարեկամս մեծահարուստ մըն էր։ Հարուստ չէր, երբ բարեկամացայ հետը։ Երկու աղքատ ընկերներ էինք՝ քէմփի ցեխերուն մէջ վազվռտող։ Մեր երկուքէն՝ բախտաւորը ես էի. կրցայ դպրոց յաճախել ու դարձայ աղքատ ուսուցիչ մը։ Ինք կօշկակարի աշկերտ եղաւ ու դարձաւ հարուստ վաճառական մը։ Մեր բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ, որովհետեւ գիտէր, թէ նիւթական որեւէ ակնկալութիւն չունէի իրմէ ու լաւ ունկընդիր մըն էի։ Բոլոր հարուստներուն պէս, շատ խելացի էր բարեկամս ու ձրիօրէն առատ խրատներ կու տար։ Մարմինն ալ, քսակին հետ, հարստացած էր։ Իւրաքանչիւր շահած ոսկիին մէկ մասը, իր վրայ բարդած էր ու տարիներու ընթացքին դարձած էր պատկառելի մսակոյտ մը։ Կը նախընտրէր թեւանցուկ քալել՝ իր ծանրութենէն բաժին հանելու համար ուրիշներուն։ Երբ վար նայէր, կզակին տակ մարը մտնող արեւու մը կլորութիւնը կը գծագրուէր։ Խօսած ատեն շնչառութեան ձայնը կը լսուէր ու իւրաքանչիւր բառէն ետք՝ կարճ դադար մը կ՚առնէր, դրոշմելու համար ըսուած արժէքաւոր խօսքը ունկընդրին ուղեղին վրայ։ Հայերէն բառերով՝ թրքերէն կը խօսէր։ «Ծ», «ձ» եւ «ց» գիրերը գոյութիւն չունէին իր այբուբենին մէջ։ Եթէ շաբաթ մը չտեսնէր զիս՝ յանդիմանութիւն կը ստանայի.

— Սանսրասայ զօ՛, ո՞ւր յես։ Բասակայ գրեսի անունիդ դիմաս։

Կատակաբան ալ էր։ Օր մը, բարեկամներ, Ֆիաթ-ով պտոյտի տարեր են զինք։ Ինքնաշարժին մէջ կերեր ու խմեր է. յանկարծ ֆիաթ-ին աքսը կոտրեր է. ստիպուած ինքնաշարժին դուռը քակեր են՝ զինք դուրս հանելու համար։ «Հա՜, հա՜, հա՜»։ Ուրիշ օր մը, փոքր տուփ մը Ասփրօ գնած է Ազատութիւն դեղարանէն ու դեղարանին կշիռքը կոտրած է ծանրութեանը տակ։ Իրիկուն մը, ճաշի պահուն, մէկ փռնգտալով, պնակ մը ապուրը թափած է կնկան նոր շրջազգեստին վրայ։ «Պնակին մէջ բան չմնաց. կնկանս վիճակը տեսնէիր. քիթը բերանը ապուր եղաւ»։ «Հա՛, հա՛, հա՛»։ «Սա մեր դիմացի դրացիները գիտես. տունը պարպեցին, գիշերները չեն կրնար քնանալ եղեր, իմ «որոտընդոստ խռմփոցիս» պատճառաւ. հա՜, հա՜, հա՜, խնդա՛, զօ»։

Չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ սա յիմար աղքատները՝ աղքատ կը մնան։ «Զօ՛, աշխարհը դրամով լեցուն է, լեցո՞ւն։ Ճշմարիտ, եթէ ես տասն անգամ աղքատ ծնիմ՝ տասն անգամին ալ կը հարստանամ։ Այս աշխարհքիս ախմախները ինծի համար կ՚աշխատին։ Ա՛ֆ կ՚ընես, բայց, դուն ալ այդ ախմախներէն ես»։

Ախմախը դո՛ւն ես,— կը ջղայնանայի երբեմն,— ծօ՛, քէմփի ցեխերուն մէջ վազվզած ատենդ աւելի հարուստ էիր՝ քան հիմա։ Առնուազն բնութիւնը կը վայելէիր. լուր ունէիր, թէ ծով մը կար մօտդ, լեռներ կային, գիշերները աստղածածկ երկինք մը կար վերեւդ։ Հարստութիւնը դրամ չէ՜, այլ այն հաճոյքն է, որ կեանքիդ ընթացքին կը ստանաս ու կը բաշխես ուրիշներուն. ու քանի կը բաշխես՝ այնքան աւելի կը հարստանաս։ Բանաստեղծութիւնը ի՞նչ կ՚ըսէ քեզի։ «Ախմախ» կ՚որակես նկարի մը առջեւ հիացիկ կանգնած մարդը։ Երաժշտութեան դիւթանքը վայելա՞ծ ես կեանքիդ մէջ։ Դրամէն զատ ի՞նչ ունիս։ Քանի՞ հոգի կը սիրես ու քանի՞ հոգի կը սիրեն քեզ։ Ես շատ աւելի հարուստ եմ քեզմէ։ Այն բանէն, որ հաճոյք կ՚առնեմ, չափով մը ի՛մս է այդ բանը։ Իմս է բնութիւնը, իմս են երաժիշտներն ու բանաստեղծները, նկարիչներն ու դերասանները, մանուկներուն քրքիջը ու թռչուններուն դայլայլը։ Ծօ՛, աշխարհ գեղեցկութեամբ լեցուն է, լեցո՜ւն. ես կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ այսքան աղքատ կ՚ապրիս։

— Երբ նմանօրինակ բաներ ըսէի՝ «շատ քոմիկ բաներ կը պատմես», կ՚ըսեր ու քահքահաձայն կը խնդար։

Հաճոյքով չէր, որ ընդունեցի Վարչութեան առաջարկը։ Առաջին խնդրանքս էր, որ պիտի ընէի։ Հոս յայտնի պիտի ըլլար նիւթին առաւելութիւնը։ Դանդաղ քայլերով յառաջացայ դէպի իր տունը։ Քանի կը մօտենայի՝ այնքան փոքրացած կը զգայի ինքզինքս։ Երբ դրան առջեւ հասայ, խորհեցայ, թէ բանալիին ծակէն կրնայի ներս սպրդիլ։ Բարեկամս բացաւ դուռը։

— Ճիշդ ժամանակին եկար,— ըսաւ,— ես ալ խօսելիք մարդ կը փնտռէի։ Շատ թօհաֆ բան մը ունիմ պատմելիք։

Սկսաւ խօսիլ։ Նիւթապէս յաջողած մարդու ամենագէտ աղմուկը կը լեցնէր սրահը։ Ես չէի հետեւիր խօսակցութեան։ Մտամոլոր նայուածքով կը դիտէի դէմքին թրթռացող միսերը։

— Ի՞նչ ունիս, հիւա՞նդ ես, մտիկ չես ըներ պատմածս,— սրտնեղած խօսքը կտրեց բարեկամս։

— Եզեկիէլ,— ըսի,— ես Մարտիրոսեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան վարչականներէն եմ։ Որոշած ենք, մեր դպրոցի քառասնամեակին առիթով յուշամատեան մը հրատարակել։ Ճոխ հատոր մը պիտի ըլլայ։ Միութիւնը նիւթական կարելիութիւններ չունի այս գործը գլուխ հանելու։ Մեկենաս մը կը փնտռենք, որպէսզի ծախսերը հոգա։ Շուարած վիճակ մը ունինք։

Բարեկամս դժգոհ՝ որ իր խօսած ատեն՝ ես ուրիշ բաներով կը զբաղէի, ծուռ ակնարկ մը նետեց վրաս ու հարցուց.

— Որքա՞ն դրամ կ՚ուզէք։

— Երեքէն-չորս հազար ոսկի,— ըսի մեղմ ձայնով։

— Այդքա՞ն միայն,— ըսաւ բարեկամս զարմացած,— ասո՞ր համար շուարած վիճակ մը ունիք։ Այսքա՜ն տարուան բարեկամս ես ու տակաւին զիս չե՛ս ճանչցած։ Ես կու տամ այդ գումարը։ Տէ՛, մոռցիր այդ բաները ու զիս մտիկ ըրէ. շատ թօհաֆ բան մը կը պատմեմ։ Սկիզբէն սկսի՞մ։

Այնչափ ուրախ էի, որ պատմութենէն ոչինչ մնաց մտքիս մէջ։ Կէս գիշերին, զատուեցայ բարեկամէս։ Ուղղակի ատենապետին տունը գացի, արթնցուցի բոլորն ալ ու յայտնեցի աւետիսը։

Յաջորդ օր, վարչական ժողով գումարեցինք։ Որոշուեցաւ բարեկամիս ի պատիւ թէյասեղան մը տալ, մեծադիր նկարը կախել Միութեան ակումբին մէջ ու թերթի մը մէջ երախտագիտական գրութիւն մը հրատարակել։

Շաբաթ մը ետք, լոյս տեսաւ յօդուածը՝ «Աղքատ հարուստներ եւ իրաւ հարուստներ» նիւթին շուրջ։ Փայլուն գիծերու մէջ պատկերացուած էին բարեկամիս բարեմասնութիւնները։ «Աւետի՜ս ձեզի. հայ հարուստներ ունինք, որոնք կը գուրգուրան տոհմիկ արժէքներու վրայ։ Մեկենաս՝ Տիար եզեկիէլ Ռ. Յաբէթեան սեմպոլ է հայ իրաւ հարուստին»։ Եւայլն, եւայլն, եւայլն։

Բարեկամս թերթին այդ համարէն գնեց քսան օրինակ եւ ուղարկեց աշխարհի չորս ծագերուն տարտղնուած իր ազգական-բարեկամներուն։

Թէյասեղանը բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց։ Թէյասեղանէն ետք, ընկերացայ բարեկամիս, մինչեւ իրենց տունը։

— Թէյասեղանէն գոհ մնացի,— ըսաւ բարեկամս,— բայց ինչո՞ւ իմ նկարս աւելի պզտիկ շինած էիք ու պատին մէջտեղը չէիք կախած։ Որո՞ւն նկարն էր այդ մեծ շրջանակի մէջ առնուածը, որ սրահին ամենէն փառաւոր տեղը գրաւած էր։

— Ատիկա, դպրոցի նորակառոյց շէնքին բարերարին նկարն է,— ըսի։

— Ճանըմ, բարերարն ո՞րն է եղեր,— նեղուեցաւ բարեկամս,— բոլոր հայերս ալ բարերարներ ենք։ Դուն ալ բարերար ես, ես ալ բարերար եմ։ Ըսէ՛ նայիմ, տարեկան քանի՞ ներկայացումի, պարահանդէսի, վիճակահանութեան տոմսակ կ՚առնես։ Քանի՞ տեսակ հանգանակութեան կը մասնակցիս։ Բարերարը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ։ Իմ նկարս կ՚ուզեմ, որ նոյն մեծութեամբ շինուի ու դրուի այդ մարդուն նկարին քով։

Խոստացայ կարելիս ընել ու զատուեցայ բարեկամէս։ Վարչական ընկերներուս բան չկրցայ ըսել։ Արդէն բոլորն ալ կլանուած էին յուշամատեանի ձեռագիրներն ու նկարները պատրաստելու աշխատանքով։ Աներեւակայելի ու սպառիչ աշխատանք մըն էր, տասը հատոր գիրք հրատարակելէն աւելի դժուար։ Եօթը տնօրէններ, հարիւր երեսունըհինգ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, ութ հարիւրի մօտ շրջանաւարտներ ունեցած էր դպրոցը։ Անքուն գիշերները կը յաջորդէին իրարու։ Հաւանաբար յուսալքուէինք, եթէ նախապէս գիտցած ըլլայինք թափուելիք ճիգին տարողութիւնը։ Մէկուկէս տարի ետք, ձեռագիրներուն եւ նկարներուն կարեւոր մասը պատրաստած էինք ու կրնայինք սկսիլ տպագրական աշխատանքներուն։ Գտանք յարմարագոյն տպարանը։ Տպարանատէրը, նկատի առնելով ձեռնարկին բարենպատակ բնոյթը, յօժարեցաւ չորս հազար ոսկիով վերջացնել գործը։ Կանխավճար մը տուինք ու յանձնեցինք ձեռագիրներն ու նկարները։

Յաջորդ օր, թեթեւցած հոգիով, շտապեցի բարեկամիս քով։

— Եզեկիէլ,— ըսի,— ձեռագիրները յանձնեցինք տպարան։ Չորս հազար ոսկի կը պահանջեն։ Կը հաճի՞ս գումարը յանձնել ինծի։ Հրամմէ Վարչութեան ստացագիրը։

Ստացագիրը երկարեցի բարեկամիս։ Ձեռքս մնաց օդին մէջ։ Բարեկամս ապշած զիս կը դիտէր։

— Ի՞նչ է այդ,— ըսաւ,— ես ի՞նչ պիտի ընեմ այդ թուղթի կտորը։ Քամպիալները ո՞վ պիտի ստորագրէ։

— Ի՞նչ քամպիալ,— հարցուցի,— կայծակնահար, ու օդին մէջ մնացած ձեռքս սկսաւ դողալ։

Քամպիա՛լ, քամպիա՛լ. տուած դրամս ինչպէ՞ս ետ պիտի առնեմ առանց քամպիալի։

— Ի՞նչ ետ առնել,— ձայնս սկսաւ թրթռալ յուզումէս,— դո՛ւն չէ՞ որ խոստացար մեկենաս ըլլալ։

— Մեքենադ ո՞վ է,— հարցուց զարմացած։

— Մեկենասը անձ մըն է, որ նիւթապէս կը սատարէ արուեստի եւ մշակութային գործերու, միայն բարոյապէս վարձատրուելու ակնկալութեամբ։

— Բան չհասկցայ,— ըսաւ։

— Այսինքն դրամ կու տայ ու ետ չ՚ուզեր,— ըսի հատ-հատ։

— Ըսել կ՚ուզես, անանկ, պիտի նետե՞մ չորս հազար ոսկին։

— Ի՞նչ նետել, ծօ՛,— պոռացի,— ազգի՛ն պիտի տաս, ազգի՜ն։

— Ինչո՞ւ կը պոռաս, դիմացինդ ո՞վ է, գիտե՞ս,— ճչաց՝ մարմնին բոլոր միսերը թրթռացնելով,— այդ մեքենադ՝ գնա՛, յիմարանոցին մէջ փնտռէ։

— Ծօ՛, ինչո՞ւ քեզի ի պատիւ թէյասեղան տուինք, ինչո՞ւ նկարդ ակումբին մէջ դրինք. քու պարարտ մարմնիդ ճարպերը դիտելո՞ւ համար։

— Ապերախտնե՛ր, ձեզի դրամ կու տամ առանց տոկոսի, քամպիալներուն թուականները ձեր ուզած ատենին կը դնեմ. դեռ ի՞նչ կ՚ուզէք։ Գաւաթ մը թէյ խմցուցիք ու չորս հազար ոսկի՞ս պիտի կլլէք. ամօթ բան է ձեր ըրածը։

Եռացող կատաղութիւնը մարմնիս մէջ ո՛չ մէկ ձեւով կրնայի զսպել։ Մարմինս կը ցնցուէր ուժգնօրէն։ Վշտի եւ ուրախութեան պատճառաւ լացած էի, բայց չէի գիտեր, թէ կատաղութիւնն ալ միայն արցունքով կարելի էր մեղմել։ Գլուխս ծռեցի եւ ստացագրով ծածկեցի աչքերս։

— Ինչո՞ւ կու լաս, չե՞ս ամչնար,— ըսաւ։

Ձեռքը տարաւ գրպանը, յիսուն ոսկինոց մը հանեց ու երկարեց ինծի։

— Ա՛ռ, մի՛ լար, ասիկա իմ կողմէս նուէր է ձեր Միութեան։

Ոտքի ցատկեցի, խլեցի յիսուն ոսկինոցը ձեռքէն ու բոլոր ուժովս նետեցի երեսին։

— Ո՞վ կու լայ, ծօ՛, ողորմելի՛,— պոռացի,— ձեզի պէս միլիոնատէր մուրացիկները չեն կրնար լացնել մեզ. մենք ձեզմէ շա՜տ աւելի հարուստ ենք։

Ձեռագիրներն ու նկարները վերադարձուցինք տպարանէն։

Նախկին բարեկամիս մեծադիր նկարը մնաց ակումբի պատին վրայ, միայն թէ… գլխիվայր վիճակի մէջ։

Բովանդակութիւն
Ֆիլիբ Զաքարեան