Բովանդակութիւն
«Այս Սքանչելի Ժողովուրդը»

Ձին

Իշխան Մարգար, իր մահամերձի մահիճին մէջ, մեծ ճիգով շտկուեցաւ ու յստակ ձայնով ըսաւ մօտը նստած Սրբազանին։

— Սրբազան Հայր, մահէս ետք, իմ բոլոր ունեցածներս կը յանձնենք հայ բողոքական համայնքին։ Կը հասկնա՞ք… ամէն ինչ… այս է իմ կտակս։

Սրբազան Հայրը առիթը չունեցաւ հետաքրքրութիւնը գոհացնելու։ Ասիկա իշխան Մարգարին վերջին նախադասութիւնը եղաւ։ Իշխանը դանդաղօրէն գլուխը հանգչեցուց բարձին վրայ, ձեռքերը խաչաձեւեց կուրծքին՝ ու աչքերը փակուեցան վերջնականապէս։

Սրբազանը հարցական դիտեց քովը կայնած երկու քահանաները ու ապա գլուխը խոնարհեց ու խաչակնքեց։

Հաւանաբար ութսունհինգամեայ իշխանը չէր գիտեր, թէ գրեթէ ոչինչ մնացած էր հարստութենէն՝ ազգային հաստատութիւններու այդքա՜ն առատաձեռն նուիրատուութիւններէ ետք։ Պատուելիներու որոշումով իշխանի համագիւղացի քանի մը չքաւոր բողոքական ընտանիքներ միայն օգտուեցան կտակէն։

Ազգային թաղումով պատուեցին իշխան Մարգարի յիշատակը. «Մե՜ծ մարդ էր, մեծ մարդ», կ՚ըսէին յուղարկաւորները, «ու մեծ տառապանք եղաւ իր կեանքի բաժինը»։

Գերեզմանատան մէջ ազգականները չէին շարուած ցաւակցութիւնները ընդունելու, այլ Սրբազան Հայրը եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները։ Երբ, իմ կարգիս, ցաւակցութիւններս կը յայտնէի Սրբազանին, ան թոյլ չտուաւ ձեռքս ու յայտնեց որ զիս կ՚ուզէր տեսնել կարեւոր գործով մը։

Երբ յուղարկաւորները մեկնեցան, մօտեցայ Սրբազան Հօր եւ սպասեցի որ խօսէր։

— Տղաս,— ըսաւ Սրբազանը,— դուն իշխան Մարգարը լաւ կը ճանչնաս, կ՚ուզեմ, որ վաղը քովս գաս ու պատմես ինծի բոլոր գիտցածներդ իր մասին։

— Կը ցաւիմ, Սրբազան հայր,— ըսի,— վաղը կանուխ կը մեկնիմ այս քաղաքէն։ Սակայն ձեր փափաքը կատարելու համար այս գիշեր իսկ գրի կ՚առնեմ իշխան Մարգարի մասին գիտցածներս ու առտու կանուխ կը յանձնեմ ձեզի։

— Շատ շնորհակալ կ՚ըլլամ,— ըսաւ Սրբազանը, եւ մեկնեցաւ։

Նոյն գիշերն իսկ, երկու օրինակով, գրեցի իշխան Մարգարի մասին գիտցածներս։ Առաջին օրինակը յանձնեցի Սրբազանին, ու ահա հոս, բառ առ բառ կու տամ պարունակութիւնը այդ գրութեան։

Տարիներու սովորութիւնս էր, կէսօրները, ժամ մը քնանալ ճաշերէն ետք։ Մայրս շատ զգոյշ կը շարժէր այդ ժամուան ընթացքին ու կարելին կ՚ընէր, որ ոեւէ մէկը չխանգարէր հանգիստս։ Օր մը, հազիւ թէ քնանալ սկսած էի, մայրս արթնցուց զիս ու յանցաւորի պէս սկսաւ խօսիլ.

— Կը ցաւիմ, տղաս,— ըսաւ մայրս,— բայց պէտք է ելլես, մեր գիւղին իշխանը հիւրանոցը նստած է ու կ՚ուզէ քեզ տեսնել։

— Իշխա՞ն,— ըսի հարցական,— Բագրատունեա՞նց թէ Լուսինեանց շրջանէն մնացած է այս իշխանը մեր մէջ։

— Խնդրեմ,— ըսաւ մայրս,— կ՚ուզեմ, որ յարգանքով եւ լրջութեամբ մօտենաս այս մարդուն։ Կ՚ուզեմ, որ չզղջայ հոս գալուն։ Ինծի համար մեծ պատիւ է զինք ունենալ մեր յարկին տակ։

Լուացուեցայ, հագուեցայ աճապարանքով ու հետաքրքրութենէ մղուած՝ ուղղուեցայ հիւրանոց։

Թիկնաթոռին մէջ նստած էր ծերունի մը. դիտեցի ուշադրութեամբ։ Միայն հագուստները իշխանական չէին։ Ծանր ու իմաստուն գլուխ մը ունէր, առատ ճերմակ մազերով ու ճերմակ մօրուք մը շրջապատած էր դէմքը։ Աչքերը խորաթափանց ու անուշ էին միաժամանակ։ Քիթը՝ ուժ կը մարմնաւորէր պարզապէս։ Հայոց հին պատմութենէն փրցուած պատկեր մըն էր, որ այցի եկած էր մեր տունը։ Ներքին մղում մը զգացի, ծունկի գալ առջեւը եւ համբուրել ձեռքը, ու այդ ներքին մղումը շարժման մէջ դրաւ զիս. ծռեցայ ու երկիւղածութեամբ համբուրեցի ձեռքը։ Ոտքի ելայ ու ձեռնածալ սպասեցի որ խօսէր։ Ծունկերս կը դողային, հայ իշխանի մը ներկայութեան երբեք չէի կայնած։ Մայրս արցունքները կը սրբէր։

Երկար դիտեց զիս, ապա ձեռքէս բռնեց ու նստեցուց մօտի աթոռին վրայ։ Սկսաւ խօսիլ՝ ձեռքս ափին մէջ պահած։ Թաւ ու տաք ձայն մը ունէր։ Ակամայ կը խօսէր, կարծես ողբ մըն էր, որ դուրս կու տար բերնէն։ Ու ծիծաղ մը կար բառերուն մէջ, կծու ու խարանիչ, ուղղուած իր անձին։ «Աղա», «իշխան» ու «ո՜վ» բառերուն վրայ մորմոքի ու քամարհանքի շեշտ մը կը դնէր։

— Մահս կ՚ուշանայ, տղաս, ու մահուան ուշացումը յաճախ պատճառ կ՚ըլլայ, որ ծերունիները փոքրանան մարմնով ու հոգիով։ Քառասուն տարիներէ ի վեր ես կը փոքրանամ ու ահա հասած եմ այսօրուան վիճակիս։ Մի նայիր մարմնիս խոշորութեան, այսօր ինքզինքս հիւլէի մը չափ իսկ չեմ զգար։ Ես պէտք էր մեռնէի հարազատներուս հետ աքսորի ճամբուն վրայ։ Աշխատանքը ինծի համար չէր։ Ես ծնած եմ «աղա»յի զաւակ ու մեծնալով դարձած եմ գիւղիս «իշխան»ը։ Մարմնեղ, ճարպիկ, հարուստ ու ներկայանալի։ Ո՞վ կը համարձակէր ծուռ նայիլ ինծի։ Մտրակը միշտ ձեռքս կ՚ըլլար, ու նժոյգիս վրայ նստած պարծանքն էի իմ գիւղիս։ Փոքր եղբայրս, Կարապետը, շուքի մէջ կը մնար միշտ։ «Սա՛ երկուքին տարբերութեան նայեցէք», կ՚ըսէին գիւղացիները։ Ես անպարտելի էի նշանառութեան, գօտեմարտի ու ձիարշաւներու ընթացքին։ Նժոյգս հովէն արագ կը սուրար ու ես հպարտ ու շփացած կ՚անտեսէի որեւէ օրէնք։ Բացէ ի բաց կ՚օժանդակէի Թուրքին անիրաւութիւններուն դէմ ըմբոստացած ու լեռ բարձրացած երիտասարդներուն։

Օր մըն ալ, Թուրք հրամանատար մը, իր զինուորներով, եկաւ քովս ու շատ քաղաքավարօրէն, կառավարական հրովարտակ մը ցոյց տալով, գրաւեց կալուածներուս մեծ մասը եւ կենդանիներս։ Նժոյգս ինծի մնաց ու ես շարունակեցի իմ կեանքս սովորականին պէս։ Թէեւ բաւականին աղքատացած, բայց աւելի սիրելի դարձած էի գիւղացիներուն։ Թրքական բռնագրաւումները յաճախակի դարձան մեր գիւղին մէջ։ Ես նժոյգիս վրայ՝ կը շրջէի չորս բոլորը ու չափով մը կը մեղմէի մեր գիւղացիներուն վիշտը։ Աղքատ գիւղին աղքատ, բայց հպարտ «իշխան»ն էի։

Լռեց իշխանը, ափովը զարկաւ քանի մը անգամ ձեռքիս։ Չորս կողմը դիտեց ուշադրութեամբ, կարծես երազէ մը կ՚ուզէր արթննալ։ Ապա կրկին գլուխը խոնարհեց, մնաց վայրկեան մը այդպէս ու վերադարձաւ գիւղ։

— Օր մըն ալ, երբ նժոյգիս վրայ նստած կը շրջէի, տեսայ խումբ մը թուրք զինուորներ, բողոքական համայնքի մուխթար Գրիգոր աղայի ձեռքերը կապած՝ քաշքշելով կը տանէին։ Կեցուցի թուրքերը եւ հարցուցի.

— Ո՞ւր կը տանիք այդ մարդը։

— Աղա,— ըսաւ տասնապետը,— հրամանն է հազարապետին։ Այս բողոքական հայերը իրենց տարեկան տուրքը՝ ձի մը, չեն տուած պետութեան ու մեզի հրամայեց ձերբակալել անոնց մուխթարը ու բանտ առաջնորդել։

— Այդ ի՛նչքան անարդար որոշում է,— ըսի,— հազար հինգ հարիւր լուսաւորչական տուն ձի մը տայ եւ իննսուն բողոքական ընտանիք՝ ձի մը։ Անշուշտ թէ չեն կրնար տալ. անասուն ձգեցի՞ք մեր ձեռքը։

— Չեմ գիտեր, աղա,— ըսաւ տասնապետը,— ես հրամանի տակ մարդ եմ։

Եւ ուզեց քաշքշելով տանիլ մուխթարը։

— Կեցի՛ր, պոռացի,— ո՞վ գիտէ ո՞ւր կը տանիք, ի՞նչ կ՚ընէք խեղճին…

Ու ըսի Գրիգոր աղային.

— Գրիգոր աղա, քեզ ազատելու համար ես իմ ձիս կու տամ, բայց պէտք է խոստանաս անպայման վերադարձնել ինծի ձի մը. դուն գիտես, որ շատ ալ փայլուն չէ վիճակս։ Կ՚ընդունի՞ս ձի մը վերադարձնել։

— Կ՚ընդունիմ,— ըսաւ Գրիգոր աղան,— անպայման կը վերադարձնեմ։

— Հոս նայէ,— ըսի թուրք տասնապետին,— ահա իմ ձիս կու տամ ձեզի, ազատ ձգեցէք այս մարդը։ Բայց լաւ նայէ՛, այս սովորական ձի մը չէ, ազնուական ցեղէ է, իմ կեանքս է, երբ ձի մը բերեմ ձեզի՝ կը վերադարձնէք իմ նժոյգս։

— Լաւ, աղա,— ըսաւ թուրքը, ու ազատ ձգեց մուխթարը։

Ձիս յանձնեցի թուրքին ու Գրիգոր աղային հետ քալելով գացինք իր տունը։ Կ՚արժէր տեսնել տնեցիներուն արցունքոտ աչքերով խնդալն ու աղօթելը։

— Այդ դէպքէն ետք, աշխարհ բռնկեցաւ, պատերազմ, ջարդ, գաղթ, տառապանք ու մահ։ Մեռան իմ բոլոր սիրելիներս, կինս, զաւակներս, ազգականներս, մեռան հազարաւոր ծանօթներ, մեռան Գրիգոր աղան ու անոր պարագաները։ Ու այդ մեռելներուն մէջ ես մնացի ողջ, սգալու անոնց կորուստը։

Հոս երկար դադար մը առաւ Մարգար իշխանը ու շարունակեց.

— Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս ապրեցայ այս քառասուն երկար տարիները։ Նախ կ՚ամչնայի աղքատութենէ ու քալած ատենս ձեռքերովս կը ծածկէի հագուստիս պատռած մասերը։ Աստիճանաբար վարժուեցայ ու սորվեցայ, թէ ինչն է ամօթալին, որմէ պէտք է խուսափիլ։ Մոռցայ մարմինը ու հոգեկան արժէքները չկորսնցնելու ճիգին լծուեցայ։ Նուաստացուցիչ որեւէ քայլ չեմ առած մինչեւ այսօր, բայց այլեւս մարմինս շատ տկար է ու կ՚իշխէ հոգիիս։ Մահը կ՚ուշանայ ու ես կ՚ատեմ կեանքը, եւ սակայն, ստիպուած եմ ապրիլ…

Բառերը սառեցան բերնին մէջ. մնաց այդպէս վայրկեան մը ու շարունակեց.

— Ես եկած եմ հոս խնդրելու, որ յարգէք Գրիգոր աղայի խոստումը։ Դուք բողոքական համայնքէն վերապրողներուն կը պատկանիք։ Նոյնիսկ քառասուն տարի ետք՝ դուք պէտք է կատարէք տրուած խոստումը ու վերադարձնէք ձիս։

Դիտեցի իշխանը։ Մարգար աղան գլուխը խոնարհած էր ու կարելի չէր արտայայտութիւնը գուշակել։ Գլուխը թեթեւ կ՚երերար։

— Ձի՞ մը, թէ արժէքը կ՚ուզէք, Մարգար աղա,— հարցուցի անհամարձակ,— եւ ի՞նչ է ձիու մը արժէքը։

— Անգին էր իմ ձիս, բայց ես երկու հարիւր ոսկիով կը գոհանամ։

Ու դանդաղ ոտքի ելաւ, բարձր էր հասակը ու հագուստները շատ լայն էին վրան։ Գաւազանին յենելով՝ յառաջացաւ դէպի աստիճանները ու առանց ետ նայելու սկսաւ իջնել վար։

Մայրս շատ յուզուած էր ու ըսաւ ինծի.

— Գիտես, տղաս, լսած եմ թէ տարիներէ ի վեր հազիւ թէ երկու օրը անգամ մը կը ճաշէ ու կը մերժէ ամէն օժանդակութիւն։ Այս առաջին անգամն է, որ իր ցաւը կը պատմէ ուրիշին։

Գացինք մեր պատուելիին մօտ եւ որոշեցինք, առանց աղմուկ բարձրացնելու, գոյացնել անհրաժեշտ գումարը։ Մեր մէջ հաւաքեցինք ինչ որ կրնայինք ու ապա նամակներ գրեցինք հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկաներու մէջ մեր գիւղի արհաւիրքէն մազապուրծ ճողոպրած քանի մը բողոքական վերապրողներու։ Ու անհաւատալի բան, ամիս մը ետք, մեր ձեռքը կար երկու հազար չորս հարիւր ոսկի։

Ինծի վիճակուեցաւ դրամը յանձնել իշխանին։ Գտայ զինքը թիթեղաշէն խրճիթի մը մէկ անկիւնը, ծուարած քուրջի մը վրայ։ Երբ մօտեցայ իրեն, ձեռքը երկարեց, որպէսզի կարենայ նստիլ։ Չհարցուցի որպիսութիւնը. մաշած էր։

— Հրամմեցէք, Մարգար աղա,— ըսի,— մեր գիւղի բողոքական համայնքի երախտագիտական զգացումներով զեղուն այս փոքր նուէրը, իբրեւ մեր սիրոյ եւ յարգանքի տուրքը։

Առաւ պահարանը ձեռքէս, բացաւ ու համրեց դրամը։ Քարացած մնաց ատեն մը, նայուածքը սեւեռեց պարապին ու մնաց այդպէս։ Չխօսեցաւ, ապա, դրամներուն մէջէն զատեց երկու հարիւր ոսկի, մնացեալը երկարեց ինծի նոյն պահարանին մէջ։

— Չեմ կրնար առնել այդ դրամը,— ըսի, ոտքի ելլելով,— այդ դրամը ձերն է ամբողջութեամբ եւ ազատ էք գործածել զայն ձեր ուզած ձեւով։

Իշխան Մարգարի ձեռքը մնաց օդին մէջ ու նայուածքը՝ գամուած աչքերուս։ Դժուարին կացութեան մէջ էի։ Հրաժեշտ առի իրմէ ու փախայ սենեակէն։

Չորս ամիս ետք, իշխան Մարգար այցելեց մեզ։ Նոյն հրապուրիչ ծերունին էր. այս անգամ շատ մաքուր հագուած։ Մօրուքը ածիլած էր, բայց սպիտակ պեխերը կը ծածկէին դէմքին մէկ կարեւոր մասը։ Ձեռքը ծրար մը ունէր, որուն վրայ անունս գրուած էր խոշոր գիրերով։ Ծրարը դրաւ սեղանին վրայ ու նստաւ նոյն թիկնաթոռին մէջ։ Մայրս բացաւ ծրարը ու հիացած մնաց արծաթեայ ափսէին ի տես, որուն վրայ նուրբ նկարներ էին փորագրուած։

— Այս ի՜նչ սքանչելի բան է, Մարգար աղա,— բացագանչեց մայրս,— այս թանկագին նուէրը տանս ո՞ր ապահով անկիւնը կրնամ պահել։

Տխուր ու մտածկոտ էր Մարգար աղան. անխօս կը դիտէր մեզ։ Աչքերուն խոնաւութիւնը աստիճանաբար աւելցաւ, արցունքի վերածուեցաւ ու սկսաւ հոսիլ այտերն ի վար։ Իշխան Մարգարը կու լար։ Չէինք համարձակեր պատճառը հարցնել, գիտէինք որ ըսելիք ունէր։ Երկար սպասել չտուաւ մեզի ու սկսաւ խօսիլ.

— Ես պէտք չէր ձին պահանջելու չափ պզտիկնայի, ես պէտք էր աւելիին տոկայի, ես պէտք էր Աստուծոյ դիմէի՝ իմ տառապանքներս մեղմելու համար։ Ես, ա՜խ, ես, ինչո՞ւ ըրի այդ բանը։ Կեանքիս վերջին օրերուն ինչո՞ւ ամօթապարտ պիտի մնայի։ Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ։ Որմէ՞ ներողութիւն պիտի խնդրեմ։ Այսպէս սեւերես ինչպէ՞ս պիտի ներկայանամ հօրս։ Ինչպէ՞ս կրնամ սրբել այդ արատը ճակտէս… ինչպէ՞ս… ինչպէ՞ս…

Մարգար աղան ցնցոտիներու մէջ, բայց չոր աչքերով, երբ կը պահանջէր իր ձին՝ հսկայ մըն էր իմ աչքիս, իսկ հիմա, սա լացող ծերունին գութի արժանի խլեակի մըն էր կերպարանափոխուած։

— Մարգար աղա,— ըսի համարձակ,— խնդրեմ, դադրեցուցէք ձեր արցունքները ես իմ գիւղիս իշխանին ներկայութեան կը կայնիմ ու հպարտ եմ զգացած ինքզինքս, որ մեր գիւղը ձեզի պէս իշխան մը ունեցած է։ Ոչ մէկը կրնայ դատապարտել ձեզ, ոչ մէկը իրաւունք ունի ծուռ նայիլ մեր գիւղի իշխանին։ Իշխանները պէտք չէ, որ լան իրենց հպատակներուն ներկայութեան։

Որոշապէս այս խօսքերը ազդեցին ծերունիին։ Դադրեցաւ լալէ, գաւաթ մը ջուր խնդրեց ու շարունակեց խօսիլ.

— Այդ ափսէն Հնդկաստանէն բերած եմ ձեզի, որպէսզի զիս յիշէք, երբ այլեւս չկամ ես։ Պզտիկ եղբայրս, Կարապետը, մեծ պատերազմէն առաջ ձգած էր Թուրքիան ու Արեւելք մեկնած։ Հանելուկային մարդ մըն էր, ճարպիկ ու խելացի, բայց անթափանցելի հոգի մը ունէր։ Հօրս աչքին լոյսն էր։ «Մարմնականը քեզի ու հոգեկանը եղբօրդ տրուած է», կ՚ըսէր հայրս ինծի։ Բոլոր ճիգերս զինք գտնելու, ապարդիւն մնացին։ Եղբայրս հաստատուած է Հնդկաստան ու գորգավաճառութեամբ բաւականին կոկիկ հարստութեան մը տիրացած։ Չ՚ամուսնացաւ, մանրանկարչութեամբ կը պարապի։ Ու անլուծելի հանելուկ, մօտաւորապէս գիտէ եղեր ուր գտնուիլս, ու իր կտակին մէջ, իբրեւ միակ ժառանգորդ իմ անունս արձանագրել տուած է։ Եղբայրս երեք ամիս առաջ կը մեռնի։ Հնդկաստանի հիւպատոսարանին միջոցաւ գտան զիս, ու տարին Հնդկաստան։ Հիմա հարուստ եմ ու պիտի սկսիմ նոր կեանքի մը։

Այս նոր կեանքը, յաճախ անանուն, ու երբեմն ալ եղբօրը անունով, իշխանավայել բարերարութիւններու շարք մը եղաւ։ Անսակարկ բաշխեց հարստութիւնը ազգային հաստատութիւններու ու չքաւոր հայրենակիցներու։ Կը շտապէր լրացնել դրամը մեռնելէ առաջ, որպէսզի աղքատ թաղուէր ու բան չտանէր հետը։

Ու բարի անունէ մը զատ՝ ոչինչ մնաց իրմէ։

Բովանդակութիւն
Ֆիլիբ Զաքարեան