Բովանդակութիւն
«Այս Սքանչելի Ժողովուրդը»

«Այս Սքանչելի Ժողովուրդը»

Յունիսի հանդարտ երեկոյ մը, երեք դասընկերներ, մեր խրճիթին մէջ, յաջորդ օրուան դասերը կը պատրաստէինք։ Յանկարծ իրարանցում մը սկսաւ քէմփին մէջ։ Ծեր ու երիտասարդ, մարդիկ, կիներ կը վազէին քէմփի փողոցներուն մէջէն՝ բոլորն ալ նոյն ուղղութեամբ։ Շատեր ջուրի թիթեղներ, դոյլեր ունէին ձեռքերնին բռնած։ Տագնապելի աճապարանք մը նշմարելի էր ամէն կողմ։

Մտահոգուած վար իջանք։

— Ի՞նչ կայ, ո՞ւր այսպէս,— հարցուցինք շտապով հեռացողներուն։

— Քէմփը կ՚այրի՜,— ըսին,— մե՜ծ քէմփը։

Մենք ալ սկսանք վազել։ Փողոցները բազմութեամբ լեցուն էին։ Դրացի բոլոր քէմփերու բնակիչները, մեծով պզտիկով, կը վազէին։ Տարօրինակ հեւք մը կար շուտ հասնելու։ Թիթեղները իրարու կը զարնուէին, ոտքերը խոչընդոտներու կը հանդիպէին, կը գլտորէին, կրկին ոտքի կ՚ելլէին ու կը վազէին։ Պառաւներ քանի մը քայլ կը վազէին, ապա կանգ կ՚առնէին, շնչառութիւննին կը կանոնաւորէին ու կը վերսկսէին քանի մը քայլ վազել։ Ջուրով լեցուն թիթեղներ շալկողներ ալ կային։ Այդ կարճ ճամբան երկնցեր, անվերջանալի էր դարձեր։ Հեռուն, ծուխը ծածկած էր երկինքը ու թանձր ամպ մը կը ծանրանար մօտակայ թաղերուն վրայ։ Այրող քուրջերու եւ տախտակներու հոտը լեցուցած էր մթնոլորտը։ Քանի կը մօտենային մեծ քէմփին, մարդիկ այնքան աւելի կ՚արագացնէին իրենց քայլերը։ Մուխը աւելի ու աւելի կը թանձրանար եւ կրակի ճարճատիւնը լսելի կը դառնար։

Մեծ քէմփին դէմը գտնուող ընդարձակ դաշտին վրայ կանգ առինք։ Հազարաւոր մարդիկ խռնուած էին ու կը դիտէին հրդեհը։ Հարիւրաւոր տուներ բռնկած էին արդէն եւ ամէն վայրկեան, տասնեակ մը խրճիթներ հրոյ ճարակ կը դառնային։ Խրճիթներու չորցած տախտակները, երկվայրկեանի մը մէջ, կը բոցավառէին, կրակի լեզու մը օդը կը բարձրանար ու քանի մը վայրկեան ետք՝ կը շիջէր։ Հովը բոցավառ քուրջի կտորներ կ՚առնէր, դարձդարձիկ կը շրջէր օդին մէջ եւ նոր հրդեհներ կ՚առաջացնէր այլեւայլ թաղերու մէջ։ Քէմփի հարիւրաւոր տուները, երկաթուղիի երկու կողմերուն վրայ տարածուած, դատապարտուած էին այրելու։ Բոցերը, զարմանալի արագութեամբ, բոլոր ուղղութիւններով կը յառաջանային, քարիւղով լեցուն թիթեղներ կը բռնկէին, կ՚ուռէին ու կը պայթէին՝ կրակէ անձրեւ մը տեղացնելով շրջակայ տուներուն վրայ։ Հովը հրշէջներու աշխատանքը կը չէզոքացնէր։

Դաշտին մէջ շարժելու տեղ չկար։ Հետաքրքիրներու անհամար եւ բազմագոյն զանգուած մը լեցուցած էր դաշտը։ Մեծ քէմփի բնակիչները, ինչ որ կրցած էին փրկել հրդեհէն, դիզած էին քով քովի, ու անոնց քով կայնած, անտարբեր արտայայտութեամբ կը դիտէին հրդեհը։ Կարծէք թէ իրենց տուները չէին այրողները, կարծէք թէ իրենք պարզ հանդիսատեսներ էին։ Ո՛չ մէկ լացող, ոչ մէկ անիծող, ոչ մէկ ծունկ ծեծող կար մէջերնին։ Հաշտուած ճակատագրին հետ՝ ծիծաղները չէին պակսեր։ Տեղացիները, մերթ ընդ մերթ, իրենց աչքերը կը հեռացնէին հրդեհէն ու ապշահար կը դիտէին տնային առարկաներուն մօտ կայնած ժողովուրդը։ Վաղը, անտուն, անպատսպար պիտի ըլլային անոնք, նոր արշաւ մը պիտի սկսէր՝ ոչինչէն նոր կեանք ստեղծելու։ Ինչպէ՞ս կրնային այսքան լուռ ու խրոխտ՝ դիտել իրենց բնակարաններուն փլուզումը։ Բոցերու ճարճատիւնը լսելի էր ամէն կողմ, սակայն մարդիկ կարծէք խորհրդաւոր ազդեցութեան մը տակ էին ու շշուկով կը խօսէին։ «Թուրքերը,— ըսաւ քովս կայնած մարդը իր ընկերոջ,— այս ժողովուրդը անխոցելի դարձուցած է. ասոնք ո՛չ տառապանքէն կը վախնան եւ ոչ ալ մահէն, ու երբ մէկը չի վախնար տառապանքէն՝ ծունկի չի՛ գար։ Պիտի տեսնես, վաղը ասոնք աւելի գեղեցիկ բնակարաններ պիտի կառուցանեն»։

Բոցերը աստիճանաբար մեղմացան։ Ընդարձակ դաշտին վրայ կանգուն խրճիթ չէր մնացած, բացի ելեկտրական ընկերութիւնը եզերող խրճիթներէն. հոն՝ հրշէջները աւելի խիզախօրէն կատարած էին իրենց պարտականութիւնը։

Կորուստէն աւելի ցնցիչ էր հրդեհէն ետք պարզուող տեսարանը։ Մեծ քէմփի ժողովուրդը անշարժ կը դիտէր ծուռումուռ, սեւ, թիթեղի կտորները որ ծածկած էին ամբողջ դաշտը։

Օտարները դանդաղ քայլերով սկսան հեռանալ։ Անոնց մէջ նախարարներ կային, կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, մեծ մարզպանին ներկայացուցիչը, հիւպատոսներ եւ անթիւ թղթակիցներ։

Ո՛չ մէկ հայ հեռացաւ դաշտէն։ Երբ հայերը առանձին մնացին, լո՜ւռ դիտեցին զիրար, ապա, աստիճանաբար մօտեցան, իրարու ձեռք տուին եւ մեծ քէմփի ամբողջ բնակչութիւնը հիւրասիրուեցաւ միւս քէմփերու խրճիթներուն եւ քաղաքի հայ տուներուն մէջ։

Քանի մը ժամ ետք, կատարեալ ամայութիւն կը տիրէր դաշտին վրայ, միայն կիսով այրած թաց տախտակներ տակաւին կը մխային։

Մեծ քէմփը մեռած էր։

Յաջորդ առաւօտ, հայերը, սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը կարդային, քաղաքի ամենէն տարածուն ֆրանսատառ թերթին, Լ՚ՕՐԻԱՆի խմբագրականը, հրդեհի մասին, հետեւեալ վերտառութեամբ՝

«ԱՅՍ ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ»

Բովանդակութիւն
Ֆիլիբ Զաքարեան