Ահա տասնամեակ մը անցաւ այն օրէն երբ յետ-եղեռնեան շրջանին, սփիւռքահայ կեանքի առաջին տասնամեակներուն, ապրած — տառապած — հայ մը, ինքնաշխատութեան կերտիչ կրթանքի եւ կազմաւորման կենսընթացին լիովին մասնակից անձ մը, իր գրիչով վրձինեց տարագրութեան պայմաններուն մէջ ինքզինք վերագտնող հայութեան տագնապը։
Ֆիլիբ Զաքարեան
Սիրելի անուն մը, գրաւիչ անձ մը, տառապանքին քուրայէն հիւմըր-ի ոգի մը դուրս բերած համով-հոտով մարդ մը, որ տարիներ շարունակ կտոր-կտոր, գիծ-գիծ, պատկեր առ պատկեր հայ գրականութեան մէջ դրոշմեց _քէմբ_երու համատարած այն իրականութիւնը, որ հայուն կեանքին մէջ տեղահանութենէն եւ հայրենազրկութենէն ետք դարձած էր տիրական ապրելավիճակ։
Տարիներու ընթացքին հայ մամուլին, յատկապէս «Ազդակ»ի եւ «Ջանասէր»ի մէջ տասնեակներով պատմուածքներ հրատարակելէն ետք, 1972-ին ան ի լոյս ընծայեց պատմուածքներու իր առաջին հատորը «ՈՐԲԸ ՏՈՒՆ ՇԻՆԵՑ» պարզ բայց թելադրական վերնագրին տակ։ Երկու տարիներ ետք, «Համազգային»ը Պէյրութի մէջ հրատարակեց իր երկրորդ հատորը «ՎԵՐՋԻՆ ՈՐԲԵՐՈՒՆ ՀՍԿՈՒՄԸ» խորագրին տակ։
Վարդապետութեան իմ օրերուն Ֆիլիբը մօտէն ճանչցած ըլլալու ուրախութիւնը ունեցած էի, առաջին հերթին, իր պատմուածքներուն մէջէն եւ ապա անձնապէս որպէս բարեկամ, միտքի եւ հոգիի հաղորդակից անձ։
Ապրիլեան Եղեռնի Եօթանասունամեակին առիթով, յետ-եղեռնեան շրջանի մասին ընթերցումներուս շարքին մէջ երբ վերստին ձեռք առի «ՈՐԲԸ ՏՈՒՆ ՇԻՆԵՑ» ծաւալուն հատորը, անդրադարձայ որ այնտեղ պատկերացուած աշխարհը հարկ է որ վերստին բացուի մեր նոր սերունդի, պատանի ու երիտասարդ տարիքի անձերուն մտահայեցողութեան դիմաց, որպէսզի գիտակցական նոր անդրադարձումով անոնք կարենան ըմբռնել այն մթնոլորտը, միջավայրը եւ մարդիկն ու իրենց ապրումները, որոնք յատուկ նշանակութիւն եւ մասնաւոր արժէք մը ունին այն սերունդին համար, որ բարեբախտաբար այդ շրջանը ապրելու դժբախտութիւնը չունեցաւ։ Համեմատաբար դիւրակեաց պայմաններու տակ աճած մեր նոր սերունդը, երբ այսօր առողջ մօտեցումով, նոր գիտակցական սեւեռումի տակ կը դնէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հարկ է որ հաղորդ դառնայ Հայութեան դէմ փորձուած համայնական մահէն ազատած բայց մահուան ստուերէն հալածական, աքսորի մղձաւանջի դառնութիւնը ցմրուր ըմպած հայութեան կեանքին՝ որբութեան եւ _քէմբ_երու, զրկուածութեան եւ չարքաշութեան, ինքնակերտութեան կամքի պայմաններու եւ ոյժերու տակ ապրած իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն տաժանագին բայց պատուաբեր ապրումներուն։
Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Տաղի քառասուն Օրերը»ու եռահատոր շարքի, Թէոդիկի «Բանտի եւ Աքսորի Տարիներ»ու եւ Մատթէոս էպլիղաթեանի «Ազգային Խնամատարութեան Տեղեկագիր»ի հրատարակութիւններէն ետք, մղուեցանք Կաթողիկոսարանի կողմէ Եօթանասունամեակին գիրի ճամբով ընծայուած որպէս տուրք, «Որբը Տուն Շինեց» հատորն ալ վերահրատարակել ի սէր մեր նոր սերունդին եւ ի յարգանս Ֆիլիբ Զաքարեանի վաստակին։
⁂Հեղինակը՝ ինք արդէն մէկէ աւելի անգամներ անդրադարձած է որ իր «Որբը Տուն Շինեց» հատորը խորքին մէջ երկու հատորներու համատեղումն է։ Երկու յստակ, անջատ բաժիններէ կը բաղկանայ ան իր առաջին, սկզբնատիպ, եւ ցարդ միակ, հրատարակութեան մէջ.—
Առաջին մաս — «Այս Սքանչելի Ժողովուրդը»։
Երկրորդ մաս — «Անխորտակելին»։
«Վերջին Որբերու Հսկումը» հատորի յառաջաբանին մէջ ինքն է, Ֆիլիբը, որ կարծես որոշ ցաւով մը կը յայտնէ թէ հարկադրաբար մէկ հատորի կողքին տակ համատեղած է զանոնք.
«Անշուշտ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար, եթէ այս գրքին երկու մասերը, աւելի ճոխացած, անջատ հատորներով տրուէին. սակայն, նկատի առնելով մեր ժողովուրդի ոչ- բաղձալի նիւթական վիճակը, եւ երկու անգամ չենթարկու֊ելու համար գիրք սպառելու մարտիրոսութեան՝ Որբը ստիպուեցաւ իր տունը երկյարկանի շինել»։
Չգիտեմ, եթէ ինք այսօր ապրէր, ինչպէս պիտի ուզէր «ճոխացնել» այդ երկու հատորները։ Ես ուրախութիւնը ունեցայ իմանալու իր զաւակներէն՚ Տիկին Շողիկ Չէքիճեանէն եւ Օր. Աստղիկ Զաքարեանէն, որ յօդուածներու, օրաթերթի մէջ տպուած եւ մասամբ ձեռագիր ու անտիպ գրութիւններու ծրար մը ունին որպէս իրենց հօրմէն մնացած ժառանգ։ Զայն տեսնելէ ետք, փափաքեցայ ու մտածեցի որպէս երրորդ հատոր այս նոյն շարքին, հրատարակել զայն այս անգամ անոր որպէս վերնագիր տալով անոր բովանդակութեան մաս կազմող պատմուածքներէն մէկուն, վերջինին, վերնագիրը՝ «Ծեր Մարտիկին Հսկումը», հետեւելով Ֆիլիբ Զաքարեանի աւանդութեան, որ կիրարկուած էր առաջին երկու մասերուն համար։
Ահա այսպէս «Որբը Տուն Շինեց»ը եռահատոր շարք մը եղաւ եւ Որբը իբրեւ գրական վաստակ իր ազգին այժմ կը թողու երեք-յարկանի շէնք մը…, փոխան «երկյարկանի»ին, գիրի՝ Հայ տառերու քարերովը ամրօրէն կառուցուած։
⁂Ֆիլիբ Զաքարեանի գրական գեղարուեստական արժէքին անդրադառնալու կարիքը չեմ զգար։ Իմ նպատակիս ծիրին մէջ չի ներփակուիր այդ մէկը։ Ուրիշներ գրախօսականներու եւ վերլուծական փորձերու մէջէն կատարած են, եւ հաւանաբար դեռ շարունակեն կատարել, այդ աշխատանքը։ Իր լեզուի սահունութիւնը, պարզութեան մէջ բնականութեան հեշտ ընթացքը, արագ վրձինումով պատկերներ ուրուագծելու իր տաղանդը, մարդկայնութեան ջերմութիւնը, հայութեան բորբ ապրումը, հիւմըր-ի այնքան նուրբ եւ տիրապետող առկայութիւնը եւ այլ յատկանիշներ ժողովրդական գրողի մը համբաւը կ՚ապահովեն իրեն համար անպայման։
Դարձեալ ինքն է, որ հայ գրողին չկարդացուելու ընդհանրացեալ մտահոգութենէն տագնապող՝ զարմանքի եւ խոր գոհունակութեան շեշտով մը կը գրէր «ՈՐԲԸ ՏՈՒՆ ՇԻՆԵՑ»ի հրատարակութենէն ետք.
«Լոյս տեսաւ, ծանուցումը թերթին մէջ՝ լոյսով ողողեց հոգիս։ Գիտէի թէ երազ չէր պատահածը, սակայն երազի մը մէջ կ՚ապրէի։ Տասնըհինգ օրուան մէջ ութ հարիւր հատոր սպառեցաւ։ Այս մեր նահատակուած, ոչ-ընթերցասէր հայը, առանց խթանուելու, առանց հրաւէրի, ինքնաբերաբար կը խուժէր գրատուները մէկ, երկու նոյնիսկ հինգ օրինակ ապահովելու համար։ Բարեկամներ, յօժարակամ, իրենց խանութները գրատուներու վերածեցին։ Ամիս մը ետք, երկրորդ տպագրութեան թելադրանքներ կը տրուէին։
«Հաւանաբար ինքնագովութիւն նշմարուի այս տողերուն մէջ — կրնայ ըլլալ — սակայն չեմ կրնար աննկատ թողուլ այդ անակնկալ ընդունելութիւնը, զոր ժողովուրդը ցոյց տուաւ այս համեստ հատորին հանդէպ՝ երախտագիտական զգացումով ջերմացնելով սիրտս»։
Իմ յոյսն է եւ համոզումը միանգամայն՝ որ նոյն ջերմութեամբ եւ ընդառաջելով պիտի դիմաւորուին, այս եռահատոր շարքին մէջ առաջին երկուքին վերահրատարակութիւնը, աւելի մատչելի եւ ընտիր տպագրութեամբ, եւ երրորդին առաջին անգամ ի լոյս ընծայումը հատորի մը կողքին տակ նոր ենթա-վերնագրով մը։
Հայկական Եղեռնի Եօթանասունամեակը քանի մը ամիսէն կը փակուի։ Բայց անկէ ճառագայթող ոգին, գօտեպնդող կամքը, վերարթնցած գիտակցութիւնը եւ Հայ ժողովուրդի իրաւունքները յարատեւօրէն հետապնդելու պիրկ ձգտումը պիտի երկար սնանին այսպիսի գիրքերով մեր նոր ու դեռ գալիք սերունդներուն մէջ…։
28 Սեպտեմբեր, 1985
Անթիլիաս - Լիբանան.