Բովանդակութիւն
«Որբը Տուն Շինեց»

Մուտք

Այս գիրքը բաժնուած է երկու մասի։

Առաջին մասը իմ պատանեկութեան աշխարհն է՝ մաքուր, անխառն, հայկական քէմփը։

Կը մերժեմ ընդունիլ, ներկայիս գոյութիւն ունեցող կեղտոտ եւ խառնիճաղանճ քէմփերու հարազատութիւնը։

Տարբեր էին մեր քէմփերը։

Այս հատորին մէջ քէմփը դիտուած է պատանիներու աչքով։ Ընդհանրապէս առաջին դէմքով ներկայացուցած եմ դէպքերը, սակայն յաճախ, հերոսները՝ իմ ընկերներս եղած են։

Պատանեկութեան փոշին ամբողջութեամբ դեռ չթօթուած կօշիկներէս ու տակաւին քէմփի հոտը վրաս թուղթին յանձնած եմ յուշերս։ Առաջին փորձերս, երեսուն եւ աւելի տարիներ առաջ կատարած եմ «Պատանեկան Արձագանգ»ի մէջ, ուր երեւցած են տասնեակ մը գրութիւններ, «Հ. Ք.» գրչանունին տակ։ Ապա, «Յուսաբեր Գրական Ամսագիր»ի եւ «Հայ Դիտակ» շաբաթաթերթի մէջ շարունակած եմ քէմփերու կեանքը տալ՝ «Զ. Քարեան» ստորագրութեամբ։ Վերջին տասը տարիներուն, «Ջանասէր»ի եւ «Ազդակ»ի մէջ, բուն անունովս, քանի մը պատկերներ տուած եմ։

Հոս, անտիպ գոյութիւններու շարքին, մէկտեղած եմ վերոյիշեալ գրութիւններէն կարեւոր մաս մը։

Սիրած եմ քէմփի ժողովուրդը եւ աշխատած եմ հայութեան ներկայացնել մեր նորագոյն պատմութեան տխուր եւ աննկատ թողուած մէկ էջը։

Երկրորդ մասը իմ ներկայ աշխարհն է՝ որբերու, գաղթականներու, տառապող մարդերու, հայրենաբաղձ երիտասարդներու կեանքը։

Տխուր գիրք մը չէ՛ աս։ Բնաջնջումի դատապարտուած երէկուան որբը իր տունը շինած է արդէն։ Թէ՛ առաջին եւ թէ երկրորդ մասերուն մէջ ժպիտը անպակաս է։

Գրութիւններուն մէկ մասը վերամշակած եմ։

Որբը Տուն Շինեց. Պատմուածքներ եւ Պատկերներ. Տպարան Շիրակ, Պէյրութ, 1972

Բովանդակութիւն
Ֆիլիբ Զաքարեան